
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Լարք» երաժշտանոցը այս ամրան, առաջին անգամ ըլլալով, որոշած է ձայնամարզումի մէկ շաբաթեայ ճամբարներ իրականացնել 10-14 ու 18 տարիքը բոլորած պատանիներու եւ երիտասարդներու համար:
10-14 տարեկաններու ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 29-Յուլիս 6 երկարող շաբթուան ընթացքին, իսկ մեծերուն ճամբարը՝ Յուլիս 6էն Յուլիս 13ի միջեւ: Ճամբարները տեղի պիտի ունենան «Ֆրէյժըր Փարք» գտնուող «Արեւ» ճամբարին մէջ:
Երաժշտական ու երգչախմբային դասերուն կողքին պիտի կազմակերպուին դաստիարակչական ու հաճելի ժամանցի այլ ծրագիրներ, իսկ իւրաքանչիւր շաբթուան աւարտին տեղի պիտի ունենան անհատական ու խմբային ներկայացումներն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց ու տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին: