Տեղեկատուական ոլորտը ունի իր օրէնքները, որոնցմով կը ղեկավարուինք մենք՝ ամէնօրեայ լուրերու հոսքով բաւարարուած, անոնցմով յագեցած ու անոնց վերլուծումով սահմանափակուող բազմութիւնը կազմողներս: Այս խումբին մէջ մտածողութեան յատկանշական գիծը մակերեսայնութիւնը կրնայ ըլլալ:
Աւելի խորը վերլուծելու պարտականութիւնը վերապահուած է մասնագէտներու, քաղաքագէտներու, դիւանագէտներու եւ անշուշտ՝ լայն ուսումնասիրութիւն ընելու ճոխութիւնը ունեցող հրապարակագիրներու:
Առաջին խումբին պատկանելու խոստովանութիւնը ընելէ ետք, մենք կրնանք հանգիստ խղճով արձանագրել, թէ՝
Ամերիկայի քաղաքական ղեկավարութիւնը բացարձակապէս անգիտակից էր, թէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ի՛նչ խորունկ գործընթացներ կը խմորուին, որոնց հոլովոյթը հասկնալու, զանոնք կանխելու երբեւիցէ ո՛չ տրամադրութիւն, ո՛չ ալ նպատակ ունեցած է ան: Յանուն հասկնալի կամ անհասկնալի ազգային շահեր, կամ նոյնիսկ այսպէս կոչուած՝ բարոյական սկզբունքներ ու չափանիշներ հետապնդելու արդարացումով, ամերիկեան զինուժը, դժբախտաբար, միայն ծառայած է այդ տարածքները իրենց զէնքերու բրտութեամբ արմատականացնելու ձախաւեր ծրագիրին, որուն հետեւանքները ահա՛ գազանային դրսեւորումներով կը պարզուին աշխարհի աչքերուն առջեւ:
Այսօր, այդ ղեկավարութիւնը (իրապէս անկախ անոր կուսակցական պատկանելութենէն) իր անճրկութեան մէջ, նոր արկածախնդրութիւններու դիմելու մտմտուքին մէջ է, որպէսզի համոզէ մեզ, թէ մեր ապահովութեան համար պատրաստ է վտանգելու կեանքը իր զինուորագրուած քաղաքացիներուն, որոնք, ի՜նչ հեգնանք, արմատական թշնամիներու կողմէ գրաւուած ամերիկեան զէնքերու եւ փամփուշտներու զոհերը պիտի դառնան:
Հաւանաբար, ծայրայեղ միամտութիւն է հաւատալ, որ ի բացակայութիւն մահասփիւռ օտարներու (ամերիկացի կամ այլ) պարգեւած գրգռութիւններուն, այդ աշխարհատարածքի բնիկ ժողովուրդները իրե՛նք կրնան հիմնովին մերժել ամէն տեսակի արմատականութիւն ու ծայրայեղականութիւն, կրնան իրե՛նց ներուժով արտաքսել գազանային մոլուցքով աջ ու ձախ աւեր ու մահ սփռողները, դատապարտել զանոնք ու արժանացնել համընդհանուր անէծքի:
Ես կ՛ուզեմ այդ միամտութեան յանցանքով մեղադրուիլ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.