
ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» թերթը կը հաղորդէ, որ «Թալեպան» շարժումը առնուազն 11 քաղաքացիի մատները կտրած է՝ իբրեւ պատիժ վերջերս Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանին մասնակցելնուն:
Օրաթերթը կը նշէ, որ վայրագ այս միջադէպը տեղի ունեցած է արեւմտեան Աֆղանիստանի Հերաթ նահանգին մէջ, որուն բնակիչները անցեալ Շաբաթ օր մասնակցած էին նախագահական ընտրութեանց:
ՄԱԿը արդէն արձագանգած է քուէարկողներու մատներու անդամահատման արարքին՝ խստագոյնս քննադատելով զայն:
«Թալեպան» շարժումը քաղաքացիներուն հրահանգած էր չմասնակցիլ ընտրութեանց, որովհետեւ նախագահութեան երկու թեկնածուներն ալ մտադիր են ամրապնդել Միացեալ Նահանգներու հետ երկրին կապերը եւ երկու տարի եւս Աֆղանիստանի տարածքին պահել հազարաւոր ամերիկացի զինուորներ:
Ընտրութեանց վերջնական արդիւնքը յայտնի պիտի դառնայ Յուլիսին: