ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հակառակ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու համակարգին մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, Զաքիր Հասանովի պաշտպանութեան նախարար նշանակուելէ ետք զինուորներու մահուան առնչուած իրավիճակը, որ դարձած է ատրպէյճանական բանակին գլխաւոր խնդիրը, ոչ միայն չէ բարելաւուած, այլ վատթարացած է։ Այս մասին կը հաղորդէ haqqin.az լրատուական կայքը:
Կայքը կը գրէ, թէ որքան ալ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարութիւններ կը տարածէ բարեյաջող իրագործուած բարեփոխումներուն մասին, որքան ալ լուրեր շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ Նաճմետտին Սատըկովի գլխաւորութեամբ խմբաւորումը նոր նախարարին չ՛արտօներ փոփոխութիւն ընել ատրպէյճանական բանակին մէջ, «մէկ բան պարզ է, որ զինուորներու մահուան առնչուած խնդիրը, որ մղած է նախկին նախարար Սաֆար Ապիեւը իր հրաժարականը տալու, լուծուած չէ»:
«Ամէն օր կը լսենք բանակին մէջ արձանագրուած նոր ողբերգութեան մասին. զինուորները անձնասպանութիւն կը գործեն, կը մահանան հիւանդութենէ, աւելի վատը այն է, որ կը կրակեն իրարու վրայ», կը նշէ կայքը։
Կայքը նաեւ հարց կը բարձրացնէ այն մասին, թէ ինչո՛ւ դժբախտ դէպքերուն եւ հրամանատարական կազմի անփութութեան պատճառով արձանագրուած մահերուն թիւը աւելի է, քան հակառակորդի գնդակէն սպաննուածներունը: «Եթէ նախապէս մենք ատիկա կրնայինք վերագրել Սաֆար Ապիեւի փտած հրամանատարական կազմին, ապա ներկայիս եղածը որո՞ւն վերագրենք՝ Զաքիր Հասանովի՞ն», հարց կու տայ կայքը:
Ատրպէյճանական լրագրողներու ռազմական հետազօտութիւններու «Տոքթրինա» կեդրոնի տուեալներով՝ 2014 թուականի սկիզբէն մինչեւ օրս ատրպէյճանական բանակին մէջ մահացած է 42 զինուորական ծառայող, անոնցմէ 28 զոհուած է ոչ մարտական պայմաններու մէջ, 73 զինուոր ալ վիրաւորուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.