ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ 17 Յունիսին մեկնարկելիք Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած պիտի ըլլայ նաեւ «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքի լրամշակուած տարբերակը:
Խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերէն երեքը՝ «Ժառանգութիւն»ը, ՀԱԿը եւ ՀՅԴն կառավարութեան հեղինակած բարեփոխումներու թղթածրարը հակասահմանադրական կը նկատեն։
Յիշեցնենք, որ օրէնքի բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը ծագեցաւ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, որով շատ մը կէտեր, որոնց կարգին նախկին օրէնքի հիմնաքարը հանդիսացող պարտադիր բաղադրիչը, հակասահմանադրական նկատուեցան:
Կառավարութեան նոր մշակումներով՝ պարտադիր վճարումները պիտի փոխարինուին ընկերային վճարումով: Կառավարութիւնը մտադիր է այս փոփոխութիւնը վաւերացնել մինչեւ 1 Յուլիս, որովհետեւ ընդդիմադիրներուն ձեռքի տակ յայտնուած մշակումներուն մէջ պետական հիմնարկներու աշխատակիցներուն համար այդ օրէն ընկերային վճարումը պարտադիր կը դառնայ:
Մասնաւոր հիմնարկներուն մէջ աշխատողներուն համար կառավարութիւնը յետաձգած է ընկերային վճարումի ներառումը մինչեւ 1 Յունուար 2017։ Փաստօրէն, պետական հատուածը արդէն քանի մը օրէն, ըստ կառավարութեան նախնական մտադրութեան, պիտի դառնայ նոր մշակման անմիջական մասնակիցը:
Արծուիկ Մինասեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Եթէ ներկայ կառավարութիւնը շարունակի նախորդ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը, նշանակում է ոչինչ չի փոխուել»:
Վահրամ Բաղդասարեան (ՀՀԿ) չի կիսեր ընդդիմադիրներուն քննադատութիւնը: Անոր կարծիքով՝ սահմանադրականութեան հարցը նոր նախագիծով կարգաւորուած է. «Եկամուտները չի նուազեցւում, որովհետեւ կառավարութիւնը 38 միլիառ դրամ նախատեսել է աշխատավարձերի բարձրացման համար Յուլիսի 1ից: Փաթեթը, որը ներկայացւում է, նոյնպէս պէտք է Յուլիսի 1ից գործի»:
Մասնաւոր հատուածի վերաբերեալ Բաղդասարեան նշած է. «Մենք դրան չենք անդրադառնում առայժմ: Մինչեւ 2017 թուականը ժամանակ է տրուած: Ինձ թւում է, որ ծրագիրը նորմալ աշխատելու դէպքում մարդիկ իրենք կը զգան, որ դա ապագայի համար լուրջ խնդիր է, եւ նրանք արդէն կարող են իրենց կողմնորոշումն ունենալ»:
Արծուիկ Մինասեան, մինչդեռ, համոզուած է, որ կառավարութեան նոր մտայղացումը պիտի չյաջողի. «Ձեւական անունը դնել սոցիալական նպատակային վճար, իսկ այնուհետեւ կիրառել փաստացի պարտադիր բաղադրիչի տարրերը, նշանակում է ընդամէնը քօղարկուած քաղաքականութիւն վարել, որը արդէն Սահմանադրական դատարանը ընդգծել է, որ Սահմանադրութեանը հակասում է եւ անվաւեր է»:
Արամ Մանուկեան (ՀԱԿ) կառավարութեան այս նախաձեռնութեան մասին յայտնած է. «Յովիկ Աբրահամեանի նշանակման օրը երկու պատուիրան է իջեցրել Սերժ Սարգսեանը. չկպնել Տիգրան Սարգսեանին, չկպնել պարտադիրին: Եւ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութիւնը հլու-հնազանդ ենթարկւում է այդ կանոնին: Ինքը բերել է մի նոր նախագիծ, որտեղ պարտադիրը սոցիալական վճարի ձեւով է»:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ կենսաթոշակային նոր թղթածրարին վրայ աշխատելու համար կառավարութիւնը հրաւիրեց ոչ իշխանական ուժերը, բայց մասնակից չդարձուց մշակման աշխատանքներուն:
16 Յունիսի երեկոյեան Դաշնակցութեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ներկայացուցիչները առիթ ունեցած են հանդիպելու վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին հետ եւ իրենց անհամաձայնութիւնը դէմ առ դէմ փոխանցելու: Մինասեանի համաձայն՝ «կառավարութիւնից դեռեւս չեն արձագանգել»:
Հանրապետականը, սակայն, չի բացառեր, որ կառավարութեան նախագիծը տակաւին կրնայ փոփոխութիւն կրել: «Ես չգիտեմ այս պահին, թէ ինչ իրաւաբաններ պէտք է աշխատեն այդ փաստաթղթի վրայ, որպէսզի փորձեն հիմնաւորել, որ դա համապատասխանում է Սահմանադրութեանը», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Այս հարցին նկատմամբ քառեակին քննադատութիւնը նոյն ձեւով չէ: «Բարգաւաճ Հայաստան»ը տակաւին չէ միացած անոր. խմբակցութեան անդամ Ստեփան Մարգարեանի համաձայն՝ խմբակցութեան նիստը 17 Յունիսի երեկոյեան նախատեսուած է:
Մինչ այդ, 17 Յունիսին Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» եւ շարք մը այլ օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարին, որուն ընդունումը, ինչպէս կը հաղորդէ կառավարութեան պաշտօնական կայքը, թելադրուած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման իրականացման անհրաժեշտութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.