– Ատրպէյճանական «Հաքքին»ը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը՝ «Սոքար»ը, Վրաստանի մէջ նոր իրականութեան մը դիմաց գտած է ինքզինք, երբ Զարգացման եւ վերակառուցման եւրոպական դրամատունը սկսած է վրացական շուկային մէջ անոր մրցակիցներուն օժանդակելու: Նշեալ դրամատունը հաղորդած է, որ 65 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրած է իր հին յաճախորդին՝ վրացական «Ուիսոլ Փեթրոլիում Ճորճիա»ին:
– Ապրիլ 2013էն Ապրիլ 2014ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու իշանութիւններէն ապաստանեալի իրաւունք խնդրող սպանախօսներուն թիւը 160 տոկոսով աճած է, մինչ նոյն ժամանակամիջոցին, Ամերիկայի մէջ սպանախօսներու դէմ «ատելութեան ոճիր»ները 233 տոկոսով աճած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.