ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».– Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան՝ բերքահաւաքի աշխատանքներուն ընթացքին վերաբերեալ: Ժողովին կը մասնակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Լեւոն Գրիգորեան եւ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարները։ Գիւղատնտեսութեան նախարարը ըսած է, որ Արցախի տարածքին այս տարուան ընթացքին մշակուած աւելի քան 62 հազար հեկտար հացահատիկային մշակաբոյսերու ցանքատարածութիւններէն ընդհանուր առմամբ արդէն ստացուած է շուրջ 11 հեկտար գարիի եւ ցորենի հունձ: Բերքատուութեան միջին ցուցանիշը կազմած է հեկտարէն 9.8 ց, որուն մէջ գարիի միջին բերքատուութիւնը՝ 8.9 ց, իսկ ցորենինը՝ 13.6 ց: Ան ընդգծած է, որ բերքատուութեան մակարդակը աճելու առիթ ունի, եւ տարուան վերջնական ցուցանիշը՝ համեմատած ներկայ միջանկեալի, աւելի բարձր կ՛ակնկալուի: Երաշտը մեծ վնաս հասցուցած է դաշտերուն: Այդ պատճառով այս տարի նախատեսուած է հացահատիկայիններու բերքատուութեան ցած ցուցանիշներ՝ նախորդ տարուան համեմատ: Անդրանիկ Խաչատրեանի համաձայն՝ «դաշտերում ներկայում աշխատում է 192 կոմբայն, եւ բերքահաւաքի աշխատանքներում գիւղտեխնիկայի խնդիր չկայ»: Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ ցորենը դաշտին մէջ արտադրողէն կը գնեն քիլոկրամը 145 դրամով, իսկ տեղափոխման պարագային տնտեսավարող կառոյցները զայն կը գնեն 150 դրամով եւ աւելի բարձր գինով՝ կախեալ ցորենի որակէն:
Խորհրդակցութեան ընթացին, Արա Յարութիւնեան՝ անդրադառնալով զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու բնակարանային բարելաւման հիմնախնդիրներուն՝ տեղեկացուցած է, որ բարերար Վարուժան Գրիգորեան 150 միլիոն դրամ յատկացուցած է այդ նպատակով: Վարչապետը շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարած է ըստ առաջնահերթութեան վերջնականացնել կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկերը եւ զբաղիլ աջակցութեան յատկացմամբ:
Արա Յարութիւնեան աւելցուցած է, որ ծրագիրի աւարտին իր վերահսկողական ծառայութիւնը համապատասխան ստուգումներ պիտի կատարէ՝ գումարներու նպատակային օգտագործման ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.