
ԵՐԵՒԱՆ.– Նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Եուրի Վարդանեանը Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակելու մասին:
Ծանրաբարձ, ողիմպիականի, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Եուրի Վարդանեան նախորդ կառավարութեան մէջ նախորդ տարուան Մայիսէն կը վարէր մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնը, նախապէս եղած է Հայաստանի նախագահի խորհրդականը:
Վրաստանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան նոր կառավարութեան մէջ նշանակուած է արդարադատութեան նախարար: