
Հայ Դատի ջատագով, «Ասպարէզ»ի բարեկամ, ազգային բարերար Մանաս Պուճիքեան եւ կինը՝ Տանըլին, վեց հազար տոլար կը նուիրեն «Ասպարէզ»ին:
Եթէ առիթ մը ուզենք փնտռել, ապա կրնանք ըսել, որ իր տարիներու ընկերոջ՝ Վարուժ Գունտաքճեանի 80րդ տարեդարձն էր, զոր տօնեցինք եւ որուն առիթով Մանաս, փոխան նուէրի՝ 7000 տոլարի չէք մը յանձնեց Սուրիոյ հայութեան օգնութեան հիմնադրամին, քեսապցիներուն աջակցելու ծրագիրին համար:
Յամենայնդէպս, ե՞րբ է որ Մանասն ու Տանըլին առիթի սպասած են իրենց առատաձեռնութիւնը ապացուցելու համար «Ասպարէզ»ին:
Շնորհակալութի՛ւն: