ՄԱՆՈՒՇԱԿ
ԼԱԳԼԱԳԵԱՆ-ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Սփիւռքի հայ գաղթօճախներէն ներս յետադարձ ակնարկով մը, ՀՕՄը կու գայ վկայելու, թէ ինք հիմնադիրներու տեսլականով սնած եւ ազգային գաղափարաբանութեամբ ներշնչուած մարդասիրական, ազգակերտման ու հայապահպանման հսկայ գործունէութիւն ծաւալած է հայրենիքէն ներս թէ արտերկրի մէջ: Արդարեւ, մայր ՀՕՄի հսկայ կաղնիէն ծլարձակուած եւ ճիւղաւորուած Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղը, շրջանցելով ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններ՝ իր մշակած ծրագիրներով յանձնառու եւ անաղմուկ աշխատանքով զանազան բնագաւառներէ ներս իրագործած է աստուածահաճոյ ազգանուէր ծառայութիւն:
«Սօսէ» մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւնները, օրուան հրամայականներուն ականջալուր եւ անկէ թելադրուած՝ իրենց առաքելութեան կիզակէտը դարձուցած են «Սօսէ» վարժարանը, իրենց լաւագոյնը ներդրելով ի խնդիր վարժարանի վերելքին: Այս շքեղ երեւոյթին խօսուն մէկ փաստն է «Սօսէ» վարժարանի ամավերջի հանդէսը, որ կայացաւ Մայիս 5, 2014ի յետմիջօրէի ժամը 5ին, «Ուեպսթըր» վարժարանի սրահէն ներս, մեծ թիւով հանդիսականներու ներկայութեամբ:
Ամերիկեան երդումէն եւ Հայաստանի ազգային քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, երէց աշակերտները անհատաբար հանդէս եկան ազգային, տօնական, կրօնական եւ ընկերային նիւթեր ընդգրկող ոտանաւորներով, ապա՝ խմբային արտասանութեամբ եւ խմբերգով, որոնց յաջորդեց Արա Գէորգեանի առինքնող երաժշտութեամբ հայկական պարը. հեզաճկուն պարողները գերեցին ներկաները՝ յուզախառն ուրախութեամբ լեցնելով անոնց հոգիները եւ միտքով տեղափոխելով զիրենք հայկական աշխարհ։ Ապա բեմ բարձրացան կրտսեր աշակերտները, որոնք միասնաբար կատարեցին հայ աշակերտին ուխտը ու մօր մասին արտասանութիւնը, որմէ ետք չորս աշակերտներ խօսեցան ՀՕՄի ազգանուէր ծառայութեան եւ «Սօսէ» վարժարանի եզակի առաքելութեան մասին. անոնք իրենց ուրախութիւնը, երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին «Սօսէ» վարժարանի վարչութեան եւ մասնաճիւղին՝ անոնց զօրակցութեան համար. իւրաքանչիւրը հոգեհարազատ ոտանաւորներով եւ քառեակներով հանդէս եկաւ:
Խումբ մը երէց աշակերտներ անհատաբար ներկայացուցին հայ բանաստեղծութեան գոհարներէն կտորներ՝ ազգային ապրումներով. ուշագրաւ էր երէց թէ կրտսեր աշակերտներու ազգային պատկանելիութեան բարձր գիտակցութիւնը եւ նախահայրերու կտակին հաւատարիմ մնալու իրենց վճռակամութիւնը: Իրենց միտքերն ու հոգիները ձուլուած էին միատեղ:
Ներկաները ծափողջոյններով կը թնդացնէին սրահը. հայ լեզուն եւ հայրենիքը ծաղկած էր աշակերտներու շրթներուն վրայ եւ հոգիներուն մէջ: Իսկապէս այդ մատղաշ սերունդը հոգեպարար ու հարազատ ապրումներով իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:
Աւարտին, խօսք առաւ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջ. վարչութեան ատենադպրուհի, ՀՕՄի վարժարաններու խնամակալ մարմինի կապ Կարինէ Պարիկեան-Սէթեան։ Ան, յուզախառն ուրախութեամբ, առաջին հերթին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդէսի յաջողութեան համար, իր բարձր գնահատանքը՝ ուսուցչուհիներուն, որոնք կրցած էին կարճ ժամանակի ընթացքին այսքա՛ն տպաւորիչ, համապարփակ եւ թելադրողական հանդէս մը պատրաստել: Ան վեր առաւ հայ դպրոցի եզակի առաքելութիւնը ազգակերտման եւ հայապահպանման մեր գոյամարտին մէջ ու գնահատեց ծնողները, որոնք ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեամբ իրենց զաւակները կը վստահին «Սօսէ» վարժարանին: Վերջապէս, ընկերուհին վեր առաւ հայ ուսուցիչին եւ հայ ընտանիքին դերը հայ իրականութեան դէմ ցցուող ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց, երբ հայ նկարագիրի անյարիր երեւոյթներ եւ սովորութիւններ կը խաթարեն մեր ինքնութիւնը:
Աւարտին վարչութիւնը յղացած էր աշակերտները հիւրասիրելու գնահատելի գաղափարը: Վարձքը կատար բոլորին: