ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Հիւսէյն Չելիք Կիրակի, Յունիս 29ին ըրաւ այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Թուրքիոյ վերին ուժերը այլեւս չեն վախնար «Քիւրտիստան» անունը արտասանելէ եւ մինչեւ իսկ պատրաստ են ճանչնալու Իրաքի մէջ հիմնուելիք Քիւրտիստանի պետութիւն մը։ Չելիք խոստովանեցաւ, որ ատենօք անկախ Քիւրտիստանի մը մասին խօսիլն անգամ պատերազմի պատճառ կը նկատուէր, Քիւրտիստանի անունն անգամ զայրոյթ կը պատճառէր, «բայց հիմա, Թուրքիոյ պետական ուժերը չեն վախնար Քիւրտիստան անունէն», աւելցուց Չելիք։
Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Թերթին աշխատակիցը հետաքրքրուած էր իմանալով, թէ Թուրքիա ի՞նչ կը մտածէ Քիւրտիստանի պետութիւն մը հիմնելու գաղափարին մասին, որ արդէն իսկ խմորուելու սկսած է հիւսիսային Իրաքի մէջ։ «Վերջին զարգացումներէն ետք յայտնի է, որ Իրաք հասած է բաժանման կէտին։ Եթէ այս բաժանման հետեւանքով Քիւրտիստանի պետութիւն մը հիմնուի, ինչ որ անխուսափելի ըլլալ կը թուի այլեւս, ապա, այն ատեն, Թուրքիա Քիւրտիստանի պետութիւնը պիտի ընդունի իբրեւ եղբայր պետութիւն», ըսաւ Չելիք։
Թերթը կը նշէ, որ Թուրքիա արդէն իսկ ներդրումներ կատարած է հիւսիսային Իրաքի քարիւղի մարզէն ներս, եւ Չելիքի այս խօսքերը կը դառնան ազդանշան մը այն մասին, թէ Թուրքիա այլեւս պատրաստ է ճանչնալու Քիւրտիստանի պետութիւն մը, եթէ անիկա Իրաքի մէջ հիմնուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.