ՄԵՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Նա-խաձեռնութեամբ ՀԵԴ Մոնթեպելլոյի «Վահան Քարտաշեան» ուխտին, ամիսը անգամ մը հայկական ճաշերու եւ պարերու ձրի դասաւանդումներ տեղի կ՛ունենան յաջորդաբար Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանին ու Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ։
Հայկական ճաշերու դասաւանդումները տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի օրը, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, իսկ հայկական պարերու դասընթացքները՝ իւրաքանչիւր ամսուան երրորդ Շաբաթ օրը, կէսօրուան ժամը 12ին։
Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի հասցէն է՝ 8420 Beverly Rd, Pico Rivera, իսկ Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին հասցէն՝ 420 W. Washington Blvd., Montebello։
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել vahan.cardashian@ayfwest.org հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.