
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահի նախաձեռնութեամբ, Արթուր Փինաճեանի (1914-1999) ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ցուցադրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Մեքսիքօ նահանգի մայրաքաղաք Սանթա Ֆէի մէջ, քաղաքի արուեստի տարեկան 14րդ ցուցահանդէսին ընթացքին։
Սանթա Ֆէի արուեստի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 10էն 13ի միջեւ։
«Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահի տնօրէն Լինտա Ստեփանեան կը յայտնէ, թէ ցուցահանդէսը լաւ առիթ մըն է ծանօթացնելու Փինաճեանի ստեղծագործութիւնները, որոնք բացայայտուած էին միայն անոր մահէն ետք՝ մեծ հետաքրքութիւն ստեղծելով արուեստի մասնագէտներու մօտ։
Ցուցադրութեան պիտի ընկերանայ Փինաճեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած 128 էջնոց հատոր մը։
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 10ին, կ.ե. ժամ 5ին, քաղաքի Հաւաքներու կեդրոնին մէջ (Convention Center, 201 W. Marcy, Santa Fe, NM)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 790-4905 թիւին կամ այցելել
www.stephaniesartgallery.com կայքը։ Տոմսեր ապահովելու համար, այցելել www.artsantafe.com կայքը։