ԾԱԼԿԱ, «Ախալցխա.նեթ».- Վրաստանի ՀՕՄը ստեղծագործական շարադրութեան եւ հայոց պատմութեան մրցում կազմակերպեց նաեւ Ծալկայի մէջ՝ Ախալքալաքէն եւ Ախալցխայէն ետք: Ծալկայի մէջ 12 հայկական գիւղեր եւ համապատասխան հայկական դպրոցներ կան, եւ այս տարի տուեալ մրցումը կատարուեցաւ այս շրջանի գիւղերու կեդրոն նկատուող Ղուշչի գիւղին մէջ: Ստեղծագործական շարադրութեան մրցումին մասնակցեցան աւելի քան 30 աշակերտներ, իսկ հայոց պատմութեան մրցում տեղի չունեցաւ՝ մասնակիցներու բացակայութեան պատճառով։
Շարադրական մրցումի մասնակից աշակերտները ընտրած էին ցեղասպանութեան նիւթը. ուսուցիչները արդէն իսկ «Այլեւս երբե՛ք Ցեղասպանութիւն» խորագիրով յատուկ դասապահեր կատարած էին։ Մրցումին սկիզբը իր քաջալերանքի խօսքը փոխանցեց ՎՀՕՄի ատենապետի Կարինէ Թադեւոսեանը:
Յատկանշական էր, որ մրցումի մասնակից աշակերտներուն դէմքը խոժոռ էր, որովհետեւ անոնց գծած պատկերները կու գային Հայոց Ցեղասպանութենէն։ Այս տարի սովորականէն տարբեր խանդավառութիւն կար, որովհետեւ նիւթը կը յուզէր բոլորը, հոգեհարազատ էր անոնց եւ կ՛ուզէին իրենց ապրումները արտայայտել իրենց գրիչով:
Մրցումի մասնակիցներէն Մանուշակ Յարութիւնեանը «Բաց նամակ աշխարհի բարի մարդկանց» վերնագիրով գրութեան մէջ անարգանքի սիւնին կը գամէ ցեղասպանութիւն իրականացնող թուրքերը եւ կը խնդրէ ողջ աշխարհէն, որ քաջատեղեակ ըլլան հայերուն դէմ կատարուած ոճիրին եւ հարցը լուծուի յօգուտ հայերուն: Ան իր նամակին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնէր այն մասին, որ եթէ այս հարցը լուծում չստանայ, ապա ոչինչ կ՛երաշխաւորէ, որ նոյն բանը չկրկնուի։ Կար նաեւ այլ կարեւոր ու յիշատակման արժանի աշխատանք մը, որուն անդրադարձաւ մրցումին ստուգող յանձնաժողովի մասնագէտներէն մէկը՝ Վաչագան Ռստակեանը: «Նամակ Թուրք Անծանօթ Հասակակցիս» խորագիրով շարադրութեան մէջ աշակերտը կը պատմէ անակնկալ երազին մասին, ուր թուրք հասակակից Ալիին կը հանդիպի, որ կը խնդրէ նամակ գրել: Ստեղծագործութեան հեղինակը առանց ատելութեան շեշտի, հետաքրքրական միտքի թռիչքի շնորհիւ ու պատմութեան քաջատեղեակութեամբ նուրբ ու արտայայտիչ կերպով շարադրած է իր միտքերը: Հետաքրքրականն այն է, որ աւարտին թուրք հասակակից Ալին կը յայտնուի Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուստի աղջկան նամակը արդիւնք կու տայ։ Աւարտին նամակին մէջ կը նշուի. «Հող՝ առանց ժողովրդի, ժողովուրդ՝ առանց հողի»: Խօսքը Արեւմտեան Հայաստանի մասին է, որ առանց օրինական տէրերուն մնացած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.