ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերը այն կարծիքին են, որ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի 1 Յուլիսի որոշումը քաղաքական էր: Այս մասին լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան: Անոր համաձայն՝ իշխանութիւններուն համար սովորութեան վերածուած է կատարուած իրողութեան առջեւ դնել ժողովուրդը եւ յայտարարել, որ ունինք, օրինակ, 300 միլիոն տոլարի պարտք եւ պէտք է կազի գինը փոխուի:
«Կատարւում է այն, ինչ հակասահմանադրական է: Իշխանութիւնները նման որոշումներ կայացնելիս հակաօրինական ճանապարհով են առաջնորդւում», ըսած է Ռ. Յակոբեան՝ նշելով, որ ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը լուրջ խնդիրներ պիտի բերէ իրեն հետ, քանի որ այդպիսով առնուազն 10 տոկոսով պիտի սղի հայաստանցիին կեանքը:
«Համակարգում մութ գործարքներ կան եւ եթէ ճշգրիտ աուդիտ անցկացնենք, ապա կը տեսնենք, որ այն, ինչ կայացել է կարող էր եւ չկայանար», յայտնած է Ռ. Յակոբեան:
Պատգամաւորը նաեւ նշած է, որ քառեակը հաստատ է իր որոշումներուն մէջ եւ եթէ իշխանութիւնները «քաղաքական իրենց ճիշդ չեն հասկացել եւ քաղաքական այս պաուզան օգտագործում են հակաօրինական որոշումներ կայացնելու համար, ապա քառեակը աշնանը հակահարուածը կը տայ»:
ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան ընդգծած է, որ իշխանութիւնները չափազանց վստահ էին, որ Ռոբերտ Նազարեանի յանձնաժողովը որոշումը պիտի տայ: Բայց քառեակը հաստատակամ է այս հարցին մէջ եւ այդ խնդիրը իր օրակարգին վրայ կը պահէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.