
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 2 Յուլիսին աւարտեցաւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի 23րդ տարեկան նստաշրջանը, որ տեղի կ՛ունենար Պաքուի մէջ։ Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ արդէն ընդունուած է վեհաժողովի ամփոփիչ՝ Պաքուի հռչակագիրը, որուն մէջ ներառուած են հայկական պատուիրակութեան բոլոր՝ նախապէս կատարուած ու ընդունուած առաջարկները: Ան տեղեկացուցած է, որ հռչակագիրին մէջ կային քանի մը կէտեր մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ եւ այլն, որոնց Ատրպէյճան դէմ էր, սակայն անոնք ալ նկատի առնուեցան։ «Մեր առաջարկութիւնները կոմիտէների արձանագրութիւններիում նշուած բոլոր առաջարկութիւններն են, որովհետեւ կոմիտէներում ընդունուած արձանագրութիւնները վերջում մտնում են հռչակագրի մէջ: Ի հարկէ, կարող է այնտեղ ինչ-որ բան փոխուած լինել, բայց ամէն ինչ նոյնութեամբ մնացել էր, ու այդ իմաստով ամէն ինչ նորմալ էր, յատուկ բան չկայ: Աւարտեցինք մեր սուրը փառքով դրեցինք պատեան: Սովորական ԵԱՀԿ լիակատար տարեկան նստաշրջան էր», նշած է Աղուան Վարդանեան: