Հանգուցեալ Նորա Պապիկեանի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Յուլիս 20, 2014ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին
եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., յաւարտ Ս. Պատարագի:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Նազարէթ Պապիկեան
Զաւակները՝ Սարգիս, Դրոյ եւ Սարոյ Պապիկեաններ
Աներմայրը՝ Մարի Պապիկեան
Տագրը՝ Տիգրան եւ Մակի Պապիկեան եւ դուստրերը
Եղբայրները՝ Եփրեմ եւ Վարսենիկ Պաղպուտարեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք
Նուպար եւ Մարոյ Պաղպուտարեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք (Դամասկոս)
Ստեփան եւ Վերա Պաղպուտարեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք
Ժիրայր եւ Սեդա Պաղպուտարեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք
Հօրեղբօր կինը՝ Մարի Պաղպուտարեան եւ դուստրերը (Դամասկոս)
Մօրաքոյրը՝ Նուարդ Տէր Յովհաննէսեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ մէջ։
ՆՈՐԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով հանգուցեալի ամուսինն ու զաւակները եւ համայն Պապիկեան ու Պաղպուտարեան ընտանիքները իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Ազգային Վարչութեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հօր, հոգաբարձութեան կազմին եւ պատկան մարմիններուն, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան, Հաճնոյ հայրենակցական միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ցաւակցագրով եւ այլ միջոցներով մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին մահուան սուգին։