Անցած օրերուն ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի հովուոցի վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց կրօնական, համայնքային ու պետական հիւրեր: Այցելուներուն շարքին էին հետեւեալ անձերը.
Ա. Նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահին, որուն հետ վեհափառը քննարկեց Ժիպէյլի հողաշերտին հետ առնչուած ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:
Բ. Վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան: Գերապայծառը ընդհանուր զեկուցում մը տուաւ հայրապետին Հայաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին մասին, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցիչ մը ղրկէ՝ իր նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման գործակցութեան վերաբերող համագումարին մասնակցելու համար:
Գ. Վեհափառ հայրապետին այցելեցին Գերմանիոյ Պերկշթրասէ շրջանի կառավարիչ Մաթիաս Վիլքես եւ Գերմանիոյ Հեսսէն երկրամասին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս դոկտ. Սթիւըն Պրայըն Ֆերա: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ աղերս ունեցող նիւթեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.