ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մալաթիոյ «Զիրվէ» հրատարակչատան տէրերուն վրայ գործուած ոճրային յարձակումին պատասխանատուները, օգտուելով հսկողութեան տակ պահուելու առաւելագոյն ժամանակաշրջանը կրճատող օրէնքէն՝ ազատ արձակուած էին պայմանաւոր կերպով։ Անոնց ազատ արձակումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է։ Բողոքականութեան մասին հրատարակութիւններ ընող հրատարակչատան վրայ 2007ին գործուած յարձակումի մը ընթացքին սպաննուած էին գերմանահպատակ մը եւ երկու թուրքեր, իսկ տեղւոյն վրայ ձերբակալուած էին 5 անձեր, որոնք կը դատուէին ձերբակալեալ վիճակով, մինչ դատավարութիւնը արդիւնքի չէր յանգեր։
Սպաննուածներէն գերմանահպատակ Թիլման Կեսքէի կողակիցը՝ Սուզանը, կը շարունակէր ապրիլ Մալաթիոյ մէջ։ Ամբաստանեալները ազատ արձակուած էին այն պայմանով, որ մնային Մալաթիոյ իրենց բնակարաններուն մէջ, բայց անոնք չեն հնազանդած այս հրահանգին՝ մտահոգելով Սուզանն ու այս հարցով հետաքրքրուողները։ Սուզան յայտարարած է, որ արդարութեան նկատմամբ իր հաւատքը կորսնցուցած է եւ ապահով չի զգար քաղաքի մը մէջ, ուր իր ամուսնոյն մարդասպանները ազատօրէն կը շրջագային։ Ան արդէն իսկ իր երկու զաւակներուն հետ հեռացած է Թուրքիայէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.