
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը հինգերորդ անգամ ըլլալով աճուրդի դրուած է. 17 Յուլիսին ժամը 13:00ին մեկնարկած աճուրդը պիտի աւարտի 29 Յուլիսին՝ ժամը 13:00ին:
«Փանորամա»ն «Դատական ակտերի հարկադիր ծառայութենէն» տեղեկացած է, որ այս անգամ համալիրի մեկնարկային գինը սահմանուած է 12 միլիառ 695 միլիոն 535,000 դրամ՝ 10ը տոկոսով ցած, քան չորրորդ անգամ յայտարարուած աճուրդը՝ 14 միլիառ 106 միլիոն 150 հազար դրամ: Երրորդ անգամ յայտարարուած աճուրդին ատեն անիկա գնահատուած է 15 միլիառ 673 միլիոն 500 հազար դրամով, իսկ ամէնէն առաջին անգամ ճշդուած գինը 19 միլիառ 350,000,000 դրամ էր։
Ըստ հայաստանեան օրէնսդրութեան, իւրաքանչիւր անգամ գնորդ չըլլալու պարագային աճուրդի հանուած ապրանքին գինը տասը տոկոսով կը նուազի: