Հայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր սպասաւորներու, Արցախի թեմի հոգեւորականներու եւ պաշտպանութեան բանակի համագործակցութեամբ Յունիսի երկրորդ կիսուն Արցախի թեմի քահանաները եւ բանակի դիրքապահ զօրամասերու հոգեւոր սպասաւորները այցելած են սահմանագիծ եւ շփման գիծի ամողջ երկայնքով կատարած են մարտական դիրքերու ու դիրքապահ անձնակազմերու օրհնութեան արարողութիւններ:
Հոգեւորականները Արցախի սահմանագիծին ամողջ երկայնքով կատարած են օրհնութեան արարողութիւններ։
Հոգեւորականները աղօթքին զուգահեռ քաջալերանքի խօսք ուղղած են զինուորներուն՝ պատգամելով «միմեանց հանդէպ ունենալ եղբայրասիրութեան ու ներողամտութեան, իսկ հակառակորդի նկատմամբ՝ աներկիւղ մարտական բարձր ոգի»:
Բանակի զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան ներքեւ գտնուող մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ կատարուած է նաեւ նորակառոյց մատուռի օրհնութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.