Միջազգային հանրութիւնը բազմիցս վկայ եղած է տարբեր ժամանակներու, տարբեր գաղափարական կամ քաղաքական ուղղութիւն ունեցող Իսրայէլի կառավարութեանց ձեռնարկած «զինուորական գործողութիւններու»ն, որոնք անխտիր ուղղուած են պաղեստինցի ժողովուրդին՝ մանուկ թէ տարեց, զինեալ թէ անզէն:
Դժբախտաբար, այս յարձակումներուն ի տես, միջազգային հանրութիւնը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, ՆԱԹՕն, ՀԱՊԿն, բոլոր դաշինքներն ու մեծ ուժերը, լաւագոյն պարագային՝ յանդիմանական խօսքերով արձագանգած են, առանց իսրայէլեան յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը դատապարտելու եւ միջազգային ճնշումով կամ պատժամիջոցներով անոնց կրկնութիւնը կանխելու:
Մեզի համար ուղղակի անհասկնալի է, թէ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին ցեղատեացութեան զոհ գացած հրեայ ժողովուրդը, մանաւանդ Իսրայէլի քաղաքացիները, ինչպէ՞ս կրնան հանդուրժել իրենց իշխանութեանց կողմէ այսպիսի բրտութեան իրականացումը, ինչպէ՞ս կրնան անտարբեր ու ձեռնածալ մնալ, երբ հարիւր հազարաւորներ տեղահան կ՛ըլլան իրենց բնակավայրերէն, երբ մանուկներ կը սպաննուին ու կը խեղուին, երբ մահ ու աւեր կը սփռուի անհեթեթ պատճառաբանութիւններով:
Այս պայմաններուն տակ առաւել անհեթեթ ու անբացատրելի չէ՞, երբ մէկ կողմէ արաբ ազգի զաւակներ կը սպաննուին զաւթիչ պետութեան մը զինուորներուն կողմէ, իսկ միւս կողմէ, նոյն արաբ ազգի զաւակները, կրօնամոլութեան ճիրաններուն մէջ բռնուած՝ աւելի դաժան, աւելի վայրագ հաշուեյարդարներ կը տեսնեն իրենց ազգակիցներուն դէմ, պարզապէս՝ տարբեր ճիւղի իսլամ հետեւորդներ ըլլալնուն համար:
Մենք կը դատապարտենք Իսրայէլի ռազմատենչ իշխանաւորներուն մեղապարտ գործողութիւնները Կազայի մէջ, կը դատապարտենք նաեւ խաղաղ բնակչութեան դէմ գործուած որեւէ յարձակում, կրօնական թէ քաղաքական դրդապատճառներով իրականացուած զանգուածային կամ խմբակային բոլոր սպանութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.