
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 23 Յուլիսին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ հաւաքուեցան են Ախալցխայի շրջանի 4 բազմազաւակ երեխաներու եւ այս տարի 3րդ երեխան ունեցած ծնողները:
Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ Սահակեանի եւ Նինոծմինտայի հոգեւոր հովիւ Արմաշ քահանայի ներկայութեամբ, «Ջաւախքին աջակցութիւն հիմնադրամ»ի Ախալցխայի պատասխանատու Էդուարդ Այվազեան հիմնարկին կողմէ յատկացուած գումարը փոխանցեց հաւաքուած ծնողներուն:
Էդուարդ Այվազեան անգամ մը եւս հաւաքին մասնակից ծնողներուն ներկայացուց ծրագիրին նպատակը եւ շնորհաւորեց զանոնք՝ գումարը ստանալու առիթով։
ՋԱՀի կողմէ նիւթական օգնութիւն ստացած ընտանիքները իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին նորաստեղծ հիմնարկին, ծրագիրի հովանաւորներուն եւ բոլոր կազմակերպիչներուն: Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ առաջին անգամ ըլլալով է, որ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի բազմազաւակ ընտանիքներուն ճակատագիրով եւ կը նախաձեռնուի անոնց օժանդակութեան։
Նինոծմինտայի քահանայ տէր Արմաշի համաձայն՝ ՋԱՀը հիմնած են ծնունդով ջաւախքցի գործարարները՝ բարերար Սօս Սահակեանի նախաձեռնութեամբ: Տուեալ ծրագիրով հիմնարկը կ՛օգնէ այն ընտանիքներուն, որոնք այս տարի ունեցած են երրորդ կամ աւելի երեխայ, կամ ունին վեց եւ աւելի երեխայ: Հոգեւորականին խօսքերով՝ հիմնարկը կը կայացնէ նաեւ բազմաթիւ մշակութային ծրագիրներ։