ՌՈՊԷՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ
ՀԱՅՈՒՆ ՆՈՐ ԵՐԴՈՒՄԸ
Պիտի պաշտպանեմ հայկական մշակութային եւ լեզուական ժառանգութիւնը ամէն տեղ, ուր ան վտանգուած է: Պիտի քաջալերեմ անոր ուսուցումը, աշխարհով մէկ տարածումը եւ նեցուկ պիտի կանգնիմ անոր զարգացման նպաստող մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն:
Պիտի պահպանեմ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը եւ ապահովեմ անոր անկախութիւնը: Պիտի պաշտպանեմ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Ղարաբաղի հայկական յատկորոշութիւնը՝ ընդդէմ ամէն տեսակի ժխտողականութեան եւ սակարկութեան փորձի:
Պիտի հսկեմ ժողովրդավարական կանոններու եւ մամլոյ ազատութեան յարգանքին, յատկապէս՝ քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններու ժամանակ: Կաշառակերութեան եւ ծանր յանցագործութեան դէմ անդադրում պայքար պիտի մղուի: Արդարարադատութիւնը պիտի կիրարկուի ամենայն անաչառութեամբ:
Պիտի հաստատեմ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը՝ երկիրի եւ Սփիւռքի հայոց մտաւոր կարողութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ եւ արդիւնաբերութիւններ ստեղծելու եւ զարգացնելու կարողութիւններուն վրայ (յատկապէս՝ գիւղատնտեսական մթերքներու, համակարգչային ծրագիրներու, զբօսաշրջութեան, հագուստեղէնի եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ):
Պիտի պահանջեմ աւելի խիստ վերահսկողութիւն՝ մենաշնորհներու գանձատրական եւ հարկային գործողութիւններու: Անոնք ենթակայ պիտի ըլլան ազատ մրցակցութեան կանոններուն, աշխատանքի օրէնսդրութեան, եւ պիտի խրախուսուին երկրին համար աւելի շահաբեր արտադրութիւն կատարելու:
Պիտի պահանջեմ ժողովուրդի ստուար խաւի ընկերային պայմաններու բարելաւումը՝ աշխատանքներու ստեղծման, աւելի պատշաճ աշխատավարձերու եւ բժշկական դարմանումներու անդիմագրաւելի ծախսերու նուազեցման միջոցով:
Վստահ պիտի ըլլամ, որ միջազգային մեծագոյն դերակատարներուն (Տնտեսութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն՝ OMC, Տարադրամի միջազգային հիմնադրամ՝ FMI, Համաշխարհային դրամատուն՝ BM, միջազգային ընկերութիւններ, դրացի պետութիւններ…) հետ բանակցութիւնները լաւ նախապատրաստուած եւ սակարկուած ըլլան, յարիր՝ միջազգային օրէնքի եւ երկիրի ընդհանուր շահերուն: