ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Համահայկական կրթական 6րդ խորհրդաժողովի արդիւնքներու հիման վրայ որդեգրուած է բանաձեւն, որ ուղղորդիչ պիտի ըլլայ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համար՝ երկու տարիներու ընթացքին: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ, համաձայն բանաձեւին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ կրթութեան ոլորտին մէջ միասնական գիտակցութեամբ գործելու, Հայաստան-Սփիւռք կրթական յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով 17 լիագումար նիստերու ընթացքին եւ 4 ենթայանձնախումբերու մէջ կազմակերպուած միացեալ քն-նարկումներուն ընթացքին ներ-կայացուած առաջարկներու հիման վրայ մշակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած աշխատանքներու ուղղութիւն, որուն համաձայն, Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան բոլոր օղակներուն մէջ պէտք է յատուկ կարեւորութիւն տրուի նոր սերունդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի վերաբերեալ ճշմարիտ պատմական գիտելիքներու փոխանցման եւ մնայուն կերպով պահանջատէր ըլլալու դիրքորոշման՝ գերխնդիր դարձնելով ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման ուղենիշը:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն պէտք է անդրադառնալ հայագիտական դասընթացքներուն մէջ՝ շեշտը դնելով Ցեղասպանութեան պատճառներուն, նախապատմութեան, ընթացքին, հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ բացասական ազդեցութիւններու վերացման, դատապարտման եւ հատուցման գիտակցման ձեւաւորման վրայ. Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնն ու անոր իրաւական կողմերը դիտարկել աշխարհի մէջ տեղի ունեցած եւ ճանաչում ստացած ցեղասպանութիւններու պարունակին մէջ:
Ստեղծել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնական օժանդակ տարատեսակ նիւթեր՝ նկատի առնելով թիրախային խումբերու հոգեբանական առանձնայատկութիւնները: Քաջալերել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ անոր առնչուող գեղարուեստական, վաւերագրական, ճանաչողական հայերէն եւ օտար գրականութեան հրատարակումն ու տարածումը:
Ուսուցիչներու, մանկավարժական որակաւորում տուող համալսարաններու ուսանողներու համար նախատեսել ուսումնական նիւթեր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ծանօթացնել համապատասխան միջազգային համաձայնագիրները, բանաձեւերը, ուխտերը եւ անոնց իրաւական բովանդակութիւնը:
Նպաստել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու կրած հոգեբանական հետեւանքներու ուսումնասիրութեան եւ անոնց վերացման աշխատանքներուն:
2015ին իրականացուելիք կրթամշակութային նախաձեռնութիւնները նուիրել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Մշակել եւ ուսուցիչներուն տրամադրել բազմաբնոյթ նիւթեր Հայոց հերոսամարտերուն, մասնաւորապէս, Արցախեան ազատամարտի դրուագներուն եւ հերոսներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.