ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայ-ադրբեջանական պետական սահմանագօտու տարբեր հատուածներում անցած գիշեր եւ այսօր առաւօտեան կրկին արձանագրուել են ադրբեջանական կողմից հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքեր: Հրադադարի պահպանման ռեժիմի խախտումների պարբերականութեան նուազման միտումը պահպանուել է», յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը։ 11-12 Օգոստոսին ատրպէյճանական կողմէ հրաձգային տարբեր տեսակի զէնքերէ հայկական կողմին ուղղութեամբ արձակուած է անկանոն բնոյթի աւելի քան 100 կրակոց:
Հայկական կողմէն պատասխան կրակ չէ բացուած։ Տուժածներ չկան։ Հայկական զինուած ուժերը վստահօրէն հակակշիռի տակ առած են իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիին ամբողջ երկայնքով, աչալուրջ կերպով կը հետեւին զինադադարի դրութեան պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.