ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 9566 ամուսնութիւն՝ 8.4 տոկոսով աւելի, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակամիջոցի ցուցանիշը: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեան:
1000 բնակիչի հաշուով ամուսնութեան դէպքերը կազմած են 6.4 փրոմիլլ՝ նախորդ տարուան 5.9 փրոմիլլի համեմատ:
Աճած են նաեւ ամուսնալուծութիւնները. արձանագրուած է 2468 ամուսնալուծութիւն, որ նախորդ տարուան 1822ին համեմատ մօտ 35.5 տոկոսով աւելի է: Ամուսնալուծութեան ընդհանուր յայտարարը կազմած է 1.7 փրոմիլլ՝ 2013 թուականի 1.2ի համեմատ:
Ամուսնութիւններու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Լոռիի մարզին մէջ, բայց նաեւ հոն արձանագրուած են մեծագոյն թիւով ամուսնալուծութիւնները: Ամուսնութիւններու ընդհանուր յայտարարը այնտեղ 7.8 էր՝ միջին հանրապետական 6.4ի համեմատ, իսկ ամուսնալուծութիւններու պարագային 3.3 էր՝ միջին հանրապետական 1.7ի համեմատ:
Շիրակի մարզին մէջ այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ամուսնալուծութիւնները եւս բարձրացած են՝ 2.1 փրոմիլլ: Բոլոր միւս մարզերուն մէջ ամուսնալուծութեան ցուցանիշները, Կարինէ Կույումջեանի համաձայն՝ միջին հանրապետական ցուցանիշներու սահմաններու մէջ էին:
Հետաքրքրական է, որ ամուսնալուծուողներուն շուրջ 30 տոկոսը 20 եւ աւելի տարի միասին ապրելէ ետք ամուսնալուծուած են: 1-4 տարի միացեալ ապրելէ ետք ամուսնալուծուածները կազմած են մօտ 23 տոկոս: 18 տոկոսը ամուսնալուծուած են 5-9 տարի միասին ապրելէ ետք, 12 տոկոսը՝ 10-14 տարուան միացեալ ապրուստէ ետք, իսկ 13 տոկոսը՝ 15-19 տարուան միացել կեանքէ ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.