ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նորագոյն բացայայտումը հրապարակուած է «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ի կողմէ, Յուլիս 27ին, «Քոնկրեսականներու Շրջագայութիւնը Ահազանգ Կը Հնչեցնէ» խորագիրով: Յօդուածը բացայայտած է, որ թրքական ոչ շահութաբեր հինգ խումբեր 2013 թուականի Մայիսին 274,459 տոլար ծախսած են Քոնկրեսի տասը անդամներու եւ 35 աշխատակիցներու դէպի Ատրպէյճան ճոխ ճամբորդութեան վրայ: Այդ դրամական միջոցները նուիրաբերած էին՝
– Թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդը (Հիւսթըն)՝ 101,680 տոլար.
– Ամերիկայի միջին արեւմտեան հատուածի թրքական միութիւնը (Շիքակօ)՝ 68,324 տոլար.
– Ամերիկայի թրքական դաշինքը (Ուաշինկթըն)՝ 52,975 տոլար.
– Ամերիկայի հարաւարեւելեան հատուածի թրքական միութիւնը (Աթլանթա)՝ 26,550 տոլար.
– Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու խորհուրդը (Նիւ Եորք)՝ 24,930 տոլար:
Իսկ այն տասը քոնկրեսականները, որոնց դէպի Պաքու ճամբորդութեան բոլոր ծախսերը ամբողջովին վճարուած էին՝
– Տենի Տէյվիս՝ 24,084 տոլար.
– Ռուպըն Հինոճոզա՝ 19,962 տոլար.
– Ճիմ Պրայտընսթին՝ 14,173 տոլար.
– Թետ Փօ՝ 13,431 տոլար.
– Սթիւ Սթոքմըն՝ 13,431 տոլար.
– Միշել Լուճըն Քրիշըմ՝ 12,780 տոլար.
– Շիլա Ճեքսըն Լի՝ 12,034 տոլար.
– Լէոնարտ Լենս՝ 9798 տոլար.
– Իվեթ Քլարք՝ 8 701 տոլար.
– Կրեկըրի Միքս՝ 6431 տոլար:
Քոնկրեսականներու ուղեւորութեան իսկական նպատակը մասնակցիլն էր համաժողովի մը, որ մասամբ ֆինանսաւորուած էր ՍՈՔԱՐի (Ատրպէյճանի ազգային քարիւղի ընկերութիւն) կողմէ, եւ որ իր գործընկերներէն մէկուն՝ ՆԻՈՔի (Իրանի ազգային քարիւղի ընկերութիւն) հետ ձեռնարկած էր 28 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիրի մը՝ «Շահ Տենիզ» կազի հանքավայրը շահագործելու համար: Պատահական չէր, որ շրջագայութիւնը կազմակերպուած էր այն ժամանակամիջոցին, երբ ամերիկեան Քոնկրեսը լրացուցիչ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէր Իրանի դէմ: Ատրպէյճանցիներուն ու անոնց իրանցի գործընկերներուն խիստ անհրաժեշտ էր Քոնկրեսէն ստանալ արտօնութիւն՝ այս հսկայածաւալ ծրագիրը իրականացնելու համար: Զարմանալի չէ, որ քոնկրեսական պատուիրակութեան շքեղ ճամբորդութենէն վերադառնալէ ետք, երկու ամիս չանցած, Ներկայացուցիչներու տունը հաւանութիւն տուաւ այդ ցանկալի արտօնութեան…
«Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ը օրինագիծի շուտափոյթ հաստատումը սովորաբար դանդաղաշարժ Քոնկրեսին կողմէ կը բացատրէ անով, որ ՍՈՔԱՐը, ատրպէյճանական այլ պետական միաւորներու հետ, դարձած է Ուաշինկթընի մեծագոյն գումար ծախսողներէն մէկը՝ ամերիկեան գործընկերներ սիրաշահելով իր քարիւղի մթերքները համաշխարհային շուկաներ հանելու համար… Լոպիիստները, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ ուժանիւթի ընկերութիւնները՝ բոլորը, մասնակցած էին Պաքուի հաւաքոյթին Հայտար Ալիեւի անուան շքեղ կեդրոնին մէջ, ուր գլխաւոր բանախօսը նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր: Առնուազն չորս քոնկրեսականներու ընկերակցած էին անոնց կիները կամ նշանածները: Ոմանք օգտուած էին առաջին կարգի թռիչքներէն եւ իրենց ուղեւորութիւնը երկարաձգած՝ մնալով Թուրքիոյ շքեղ պանդոկներուն մէջ: Քոնկրեսականներուն միայն ճամբորդական ծախսերը կազմած էին 270 հազար տոլար»:
Հետաքրքրական է, որ այցելութեան գլխաւոր կազմակերպիչը՝ Թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդը, «չէ բացայայտած որեւէ առեւտրական ընկերութեան աջակցութիւն կամ օտար կառավարութեան օգնութիւն դէպի Պաքու քոնկրեսականներու կատարած ուղեւորութիւններու համար», ինչպէս կը պահանջուի դաշնակցային օրէնքով, կը յայտնէէ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ը: «Թրքական ոչ-շահութաբեր հինգ կազմակերպութիւնները եւ տասը քոնկրեսականները հաւանաբար խախտած են Քոնկրեսի բարոյագիտական կանոնները եւ դաշնակցային օրէնքը՝ չբացայայտելով առեւտրական նուիրատուութիւնները, որոնք կատարուած են ուղեւորութեան համար», կը յայտարարէ թերթը:
Ըստ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ի՝ արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ քոնկրեսական Միքս «չէ բացայայտած Պաքու կատարած իր ճամբորդութեան ծախսերը մինչեւ վերջնաժամկէտէն մէկ տարի անց»։ Աւելին, քոնկրեսական Սթոքմըն ճամբորդութեան ամսուան ընթացին ստացած է յաւելեալ 5 հազար տոլար՝ քարոզչական նպատակներով, երեք վճարումներով, Թրքական խորհուրդի նախագահ Քեմալ Օքսուզէն, որ կը ղեկավարէ շահոյթ չհետապնդող երկու խումբեր, որոնք Հիւսթընի մէջ գրանցուած են միեւնոյն հասցէով: Երկու խումբերն ալ ճանչցուած են իբրեւ Պաքուի համաժողովի հովանաւորներ կամ կազմակերպիչներ եւ երկուքն ալ գումար առած են ՍՈՔԱՐէն: «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ խումբերէն մէկը՝ Ատրպէյճանի բարեկամներու համախմբումը, կը գործէ իբրեւ ՍՈՔԱՐի ամերիկեան հանրային կապերու թեւ:
Օքսուզ Պաքուի մէջ ամերիկացի լրագրողի մը յայտնած է, որ քարիւղի համաժողովին ծախսը կազմած է 1.5 միլիոն տոլար: Ան նաեւ ըսած է, որ հիւրերը իբրեւ նուէր ստացած են ձեռագործ գորգեր, ինչ որ խախտում կը համարուի, եթէ անոնց մասին տեղեակ չպահեն Միացեալ Նահանգներու համապատասխան մարմինները:
«Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ը երեւան կը հանէ, որ՝ «այդ ոչ-շահութաբեր խումբերէն շատերը կը ղեկավարուին հետեւորդներուն կողմէ թուրք նախկին իմամ, վտարանդի Ֆեթուլլահ Կիւլենի, որ կ՛ապրի Փենսիլվենիա մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, թրքական խումբերը քոնկրեսականներուն եւ անոնց աշխատակազմերուն համար 2009-2013 թուականներուն ֆինանսաւորած են 272 արտասահմանեան ուղեւորութիւններ» դէպի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա:
«Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ը ի լրումն իր մերկացնող հետաքննական յօդուածի, նաեւ հրապարակած է խիստ քննադատական խմբագրական մը՝ յանդիմանելով տասը քոնկրեսականներ՝ «ահաւոր միամիտ կամ նողկալի կաշառակեր ըլլալնուն» համար, եւ «գրպանած քանի մը նուիրատւութիւններու» դիմաց ծառայելու համար Ատրպէյճանի շահերուն՝ «փտած աւազակապետութեան մը, ուր կ՛իշխէ Ալիեւներու ընտանիքը, որ ապօրինի գումարներ կը կուտակէ՝ խեղդելով քաղաքական այլախոհութիւնը»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը