ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– Հայաստանցի մասնագէտներ ասկէ ետք պիտի մասնակցին Անիին մէջ տեղի ունեցող վերականգնման աշխատանքներուն: Ըստ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ միջնադարեան ճարտարապետութեան հայ մասնագէտները երկար ժամանակ է, փափաք յայտնած են մասնակցելու տարուող աշխատանքներուն:
Թուրքիոյ կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս՝ Anadolu Kultur-ը, հայ մասնագէտներուն այդ փափաքին մասին յայտնած են թրքական կողմին, այս առաջարկին դրական արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կատարուող աշխատանքներուն մէջ Հայաստանէն միջնադարեան ճարտարապետութեան երեք մասնագէտ ընդգրկելու նպատակով Վրաստանի Թուրքիոյ դեսպանութիւնը դիմած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան: Ըստ «Ակօս»ի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական արձագանգած է այս առաջարկին:
Անիի մէջ աշխատանքներ կը կատարեն Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ «Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնադրամ»ը: Անիի մէջ կը վերանորոգուին Մայր տաճարը եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.