Դաշտահանդէսի կազմակերպման նպատակով կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ արդէն իսկ աշխատանքի լծուած է՝ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու համար։
Խաղերու եւ հայկական համեղ ճաշերու կողքին, մասնակիցները պիտի վայելեն նաեւ հայկական երգ ու երաժշտութիւն, առաջնորդութեամբ հանրածանօթ արուսետագէտ Ճան Պիլէզիկճեանի եւ իր նուագախումբին, որոնք նախորդ տարիներու նման, հայկական պարեղանակներով եւ երաժշտութեամբ խանդավառ մթնոլորտ պիտի ստեղծեն:
Մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 295-4588 կամ (310) 415-0851 թիւերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.