ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հին դարերէն մինչեւ այսօր կանգուն մնացած կամուրջներէն ոմանք ամէնէն աղէտալի երկրաշարժներու դիմացած են, մինչ աւելի նոր կառոյցներ՝ բնակարանային շէնքեր կամ աշխատանոցներ իրենց հիմէն կործանած: Շինանիւթերու տարբերութեա՞ն, թէ կառուցողներու մասնագիտութեան մէջ պէտք է փնտռել այս հարցումներուն պատասխանները, չենք գիտեր, սակայն երկու պարագաներուն ալ ներկայ ճարտարագիտական յառաջդիմութեան ու զարգացումներուն համար վարկաբեկիչ պիտի ըլլար թերեւս մեր գտած պատասխանները… Սա՛ ալ պէտք է անվարան ըսել, թէ անձնապէս մեր մասնագիտութենէն դուրս կը մնայ ճարտարապետութեան կալուածը, եւ ուրեմն, վստահաբար շատ հարցումներու պատասխանները մենք չունինք: Հետեւաբար մեր ըրածը սոսկ արտաքին երեւոյթէն ենթադրութիւններ կատարելու աշխատանք է, եւ որ երբեմն սխալ եզրայանգումներու կրնայ հասցնել մեզ: Այդ առումով ալ մեր ընթերցողներու ներողամտութիւնը կը հայցենք ճակատաբաց:
Պատմութեան ընթացքին, թէ՛ մեր կորուսեալ հայրենիքին՝ Արեւմտահայաստանի մէջ, թէ՛ ներկայի մեր հայրենիքի տարածքին, եւ թէ մանաւանդ արտասահմանեան հին գաղութներու մէջ հայերու կողմէ կառուցուած կամուրջներով կը փքացնենք մեր կուրծքը, հայու հպարտ արժանապատուութիւնը անգամ մը եւս սնուցանելով: Սպահանի հայերը մինչեւ այսօր իրենց քաղաքը այցելող հայ թէ օտար զբօսաշրջիկներուն մեծ հպարտութեամբ ցոյց կու տան, «Զայանտէ Ռուտ» կոչուող գետին վրայ նետուած 33 կամարներով «Սիոսէ Փօլ» (պարսկերէն՝ 33 կամարներ) անունով կամուրջը, որ կառուցուած է հայազգի Ալավերտի Խանին կողմէ: Ատիկա նաեւ զայն կառուցողին անունով կը կոչուի «Ալավերտի Խանի կամուրջ»:
Կամուրջը նիւթական իր իմաստէն բացի, նաեւ ունի աննիւթական՝ ոգեղէն իմաստ ու բացատրութիւն: Օրինակ՝ հոգիներու միջեւ հաստատուած կամուրջներ գոյութիւն ունին կամ սիրտէ սիրտ նետուած «ոսկեայ կամուրջ»ներ: Այս իմաստով ըմբռնուած ամէն տեսակի կամուրջ շինանիւթով չի՛ կառուցուիր, ո՛չ բանուորներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է, ո՛չ ալ ճարտարապետներու երկարաժամեայ յոգնութեան ու ծրագրումի հետեւանք: Անոր նիւթը անմեռ ոգին է, ծրագրողը՝ Աստուած, իսկ բանուորները՝ Անոր աննիւթեղէն ու անտեսանելի երկնային ձեռքերը: Սա այնքան զարմանալի է, որ երբեմն սովորական մարդիկը, նոյնիսկ անհաւատները կը հիացնէ, երբ մարդոց համար անկարելի թուացող միացումներ կը կատարուին, ուղղակի իրարու հակառակ երկու անձերու միջեւ: Այսինքն կամուրջներ կը նետուին նոյնիսկ այնպիսի մարդոց միջեւ, որոնց սրտերը հակառակ էին իրարու: Սա միայն ամուսնական կապերու իմաստով պէտք չէ՛ հասկնալ, այլ նաեւ անլուծելի թուացող հակառակութիւններու միջեւ գոյացած հաշտութեանց առումով: Այս իմաստով ահա կամուրջ բառը նաեւ իր ոգեղէն նշանակութիւնը կը ստանայ, դուրս գալով սոսկ գետերու վրայ կամ ճանապարհային խաչմերուկներու վերէն ձգուած անցքի միջոց ըլլալու առօրեայ գործածութեան սահմանուած իր ծառայութենէն:
Կամուրջներու երկարութեան կամ կարճութեան միջեւ արժէքային տարբերութիւն կայ բնականաբար: Այսինքն՝ երկար ու երբեմն անվերջանալի թուացող կամուրջները անշուշտ աւելի մասնագիտական ճարտարապետութեամբ իրականացուող կառոյցներ են, իսկ աւելի կարճ եղողները՝ սովորական միջոցներով կառուցուած շինութիւններ: Սակայն մեր նիւթը հեռու է ատիկա ճշդելէ:
Այստեղ պիտի անդրադառնանք ամէնէն կարճ կամուրջին, որուն երկարութիւնը պատկերաւոր ոճով՝ ակնթարթ մըն է: Հազիւ սկսինք բարձրանալու վերոյիշեալ ակնթարթային կամուրջը, արդէն անոր միւս ստորոտին պիտի գտնենք մենք մեզ, շուարած՝ թէ ինչքա՛ն արագ անցանք անոր վրայէն: Ոմանք նոյնիսկ անրջային վայրկեան մը ապրած ըլլալ պիտի կարծեն այդ պահը, բայց ցերեկուան լոյսը տեսնելով պիտի անդրադառնան, թէ այդ կամուրջը իրենց քնացած ժամանակ՝ երազի մէջ չէ՛ որ տեսան, այլ ապրեցան բա՛ց աչքերով ու արթո՛ւն վիճակով:
Կեա՛նքն է ամէնէն կարճ կամուրջը, մահուան եւ յաւիտենութեան միջեւ: Հազիւ ծնած՝ արդէն վախճանին մօտեցած կ՛ըլլանք: Չափազանցութիւն չէ՛ այս արտայայտութիւնը բոլոր անոնց համար, որոնք ժամանակի վազքը կը զգան՝ դրական գործի ետեւէ երթալու գնահատելի իրենց ճիգին մէջ: Այլապէս, շատ մեծ չափազանցութիւն պիտի թուայ ասիկա անոնց համար, որոնք միայն բամբասանքով, սին հաճոյքներով ու հաւաքականութեան մէջ քանդարար դերակատարութեամբ իրենց օրերը զուր տեղ կը մաշեցնեն: Անոնք չեն զգար թէ կեանքը այդքան կարճ է: Մինչ դրական աշխատանքով զբաղած մարդոց համար նոյնիսկ մէկ կեանք գոհացուցիչ պիտի չըլլար: Անոնք ինչքա՛ն պիտի փափաքէին, որ այդ աննիւթեղէն կարճ կամուրջը շատ աւելի երկար ըլլար ու անվերջանալի, գէթ իրենց աշխատանքին քառորդ տոկոսը աւարտել կարենալու համար: Սակայն, ափսոս որ համայն մարդկութեան սահմանուած այդ կամուրջը նոյն երկայնքը ունի, այսինքն՝ չափազանց կարճ է: Երբեմն մարդիկ առիթ անգամ չեն ունենար այդ ամէնէն կարճ կամուրջէն անցնելու նախապատրաստութիւններ տեսնելու: Ո-մանք յանկարծ այնպէս կը զգան, թէ կամուրջին վրայ են արդէն: Ե՞րբ եկան, ինչպէ՞ս յայտնուեցան այնտեղ, որո՞ւ ծրագիրն էր այդ, ի՞նչ նպատակի համար հոն են եւ դէպի ո՞ւր պիտի երթան այդ կամուրջին վրայով: Ահա հարցումներ, որոնց մասին մտածելու առիթ անգամ չունին մարդիկ: Այլ՝ անոնց կը մնայ այդ հարցումները մէկդի դնելով, օգտագործել իրենց ընձեռուած ժամանակը եւ շահագործել կամուրջէն միւս կողմ անցնելու սահմանափակ պահը:
Վերջապէս, ամէնէն կարճ կամուրջը երբեմն անակնկալօրէն փուլ կու գայ, երբ արկածներու կամ այլ միջադէպերու պատճառով անոր վրայ գտնուողն ալ խորտակուած կամուրջի աւերակներուն տակ մնայ: Ուրեմն, նոյնիսկ կարծուածէն աւելի՛ կարճ է այդ ամէնէն կարճ կամուրջը: Սթափելու համար աւելի ուժեղ կոչի կարիք ունի՞ս…