ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ռուսիոյ խորհրադարանի նախագահ Սերկէյ Նարիշքի յայտնած է, թէ Պելոռուսի մայրաքաղաք Մինսկի մէջ յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն միջեւ գումարուելիք ժողովը, ուքրանական տագնապը լուծելու նպատակով կազմակերպուած է:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քիեւ Միջազգային Կարմիր Խաչէն մարդասիրական օժանդակութիւնները փոխադրելու պատրաստակամութեան հաստատում ստանալէն ետք՝ կը պատրաստուի ռուսական մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրող բեռնակառքերուն անցքը արտօնելու:
Դատապարտելով առանց Քիեւի հաւանութեան՝ ռուսական փոխադրակառքերու մէկ մասին Ուքրանիա մուտքը՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց, որ Քիեւի այս որոշումը հիմնուած է իր այն համոզումին վրայ, որ ռուսամէտ ուժերու հակակշիռին տակ գտնուող Լուհանսքի տրամադրուող մարդասիրական բոլոր օժանդակութիւնները, ներառեալ՝ այլ պետութեանց եւ միջազգային կազմակերպութեանց կողմէ տրամադրուածները, պէտք է Միջազգային Կարմիր Խաչին կողմէ փոխադրուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.