ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Այս պահուս պատահող բնական պատուհասներէն ու քաղաքական-կրօնական հակամարտութիւններէն ո՞ր մէկը յիշենք… Կազայի մէջ տարուող «Համաս»-իսրայէլեան արիւնալի բախումներն ու պաղեստինեան շրջափակեալ փոքր հողաշերտին դէմ թշնամիին կողմէ ի գործ դրուած անխնայ ռմբակործումները, քաղաքակիրթ աշխարհի անտարբեր աչքերուն առջեւ տարուող առօրեայ կոտորածներն ու աւերումները մէկ կողմէն, իսկ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ սաստկացող եղբայրասպան կռիւները, չմոռնալով Հալէպի եւ Քեսապի հայութեան ապրած ողբերգութիւնը, ԻՍԻՍ ծայրայեղ մահմետական վոհմակներու կողմէ տարածաշրջանին մէջ կատարուող անմարդկային արարքները՝ միւս կողմէ: Վերջապէս, ռուս անջատողականներու եւ ուքրանական ուժերու միջեւ տարուող անհեթեթ կռիւներն ու արիւնահոսութիւնը։ Եւ տակաւին, ասոնց կողքին, իրարու ետեւէն վար առնուող օդանաւերու անմեղ զոհերը կարծէք բաւարար չըլլային, մարդկութիւնը ահաւոր այդ ողբերգութեանց պատճառած ցնցումներուն հետ դեռ չհաշտուած, այս անգամ միջազգային լրատուամիջոցները յանկարծ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին արեւմտեան ափրիկեան երեք դրացի երկիրներու՝ Լիպերիոյ, Սիէրա Լէոնէի ու Կինէի մէջ ծայր տուած «Իպոլա» կոչուող մահացու համաճարակին վրայ։ Գործարարական քսանամեայ մեր գործունէութիւնը խնդրոյ առարկայ երեք այդ հանրապետութիւններուն մէջ կեդրոնացած ըլլալով՝ այդ շրջանը ափրիկեան թեմայով գրական ստեղծագործութիւններուս որպէս ենթահող եւս ծառայեց: Ուրեմն, մէջով-դուրսով ծանօթ ըլլալով այդ երկիրներու բնիկներու կենցաղային առանձնայատկութիւններուն՝ մեզ այնքան ալ չզարմացուց անկէ սերած ժահրոտ մանրէին գոյութիւնն ու կատարած աւերը:
Վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին, Սիէրա Լէոնէի, Լիպերիոյ ու ֆրանսական Կինէի անունները այնպիսի յաճախականութեամբ կրկնուեցան միջազգային լրատուամիջոցներու երկսեռ խօսնակներու կողմէ, որքան չէր պատահած Ամերիկա մեր բնակութեան 35 տարիներու տեւողութեան:
Որպէս արդիւնք ափրիկեան այդ երկրամասին հանդէպ ցուցաբերուող յարաճուն հետաքրքրութեան, զուտ անձնական գետնի վրայ յանկարծ հեռաձայն ստացայ ափրիկեան թեմայով անգլերէն պատմուածքներուս հրատարակիչներէն: Կ՛ուզէին իմանալ, թէ նոյն թեմայով հրատարակութեան պատրաստ այլ հատոր մը եւս չունէի՞: Բնական էր, որ այդ երկիրներու անուան յորջորջումն ու անընդհատ կրկնումը, մեր մէջ արթնցնէր անթիւ յիշատակներ: Երանի տարբեր պայմաններու տակ յայտնուէին չխամրող այդ յիշատակները:
Անոնք, որոնք ծանօթ են այդ շրջանի պատմութեան կամ ափրիկեան ենթահողով իմ գործերը ընթերցելու առիթն ունեցեր են, պիտի անպայման անդրադառնան, թէ աշխարհագրական նոյն շրջանին մէջ գտնուող այդ երեք երկիրները, ուր «Իպոլա» վարակը աւեր կը գործէ, իրենց բնակչութեան կենցաղով իրարմէ շատ չեն տարբերիր: Սկսելու համար, Լիպերիան ամերիկեան արեւելում եւ ազդեցութեան ոլորտ եղած է՝ առնչուած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու մէջ ստրկութեան վերացման հետ: Արդարեւ, երբ ստրկութիւնը օրէնքէ դուրս հռչակուեցաւ Ամերիկայի տարածքին, նախկին ստրուկները նաւերու մէջ լեցուելով՝ Լիպերիա բեռնաթափուեցան եւ հոն ամերիկեան ազդեցութեան տակ, իրենց նախկին տէրերու արժեչափերով ծաղկեցուցին երկիրը: Firestone ընկերութեան ձգախէժի ծառերու անծայրածիր ցանքերը այդ հողատարածքին մէջ բուսած են: Ժամանակին, այնտեղ կը գործէին ադամանդի վաճառքի հայկական ընկերութիւններ, որոնց շարքին՝ բարերար Հայկ եւ Մելանքթոն Արսլանեաններու յայտնի ընկերութիւնը:
Անձամբ, 1979էն սկսեալ, մէկ ու կէս տարի Մոնրովիոյ մէջ գործելէ ետք, ստիպուած դրացի Սիէրայ Լէոնէ պիտի անցնէի, հոն սկսելու համար ծաղկուն մեր հիմնարկը:
Դրացի երկիրներու հետ բաղդատած՝ լիպերիացիները շեշտուած սպիտակատեացներ էին: Գուցէ իրենց ստրկացած նախահայրերուն ապրած ողբերգութեան հետ առնչուած էր նոր սերունդի սպիտակատեացութիւնը: Փոխարէնը, Սիէրա Լէոնէն, նոյնպէս կազմուած ըլլալով նախկին ստրուկներու զարմերով՝ Մեծն Բրիտանիոյ մականին տակ լիպերիացիներէն ալ աւելի զարգացած էր ու սպիտակներու հանդէպ աւելի հանդուրժողականութիւն ցոյց կու տար: Սակայն ֆրանսական մականին տակ զարգացած Կինէի բնակչութիւնը թէ՛ հանդուրժող եւ թէ ալ ազգային զօրաւոր ջիղ ունէր: Անոնց յեղափոխաշունչ նախագահը՝ Սեքու Թուրէ, խոր համակրանք սկսաւ տածելու հայութեան հանդէպ, երբ Շաւարշ Թորիկեանի մղումով ու մեր անձնական ջանքերով, նախագահը Հայկական Դատին պիտի ծանօթանար: Սիէրա Լէոնէի պետական այրերն ու մտաւորականութիւնը նոյնպէս, շնորհիւ բուռ մը անձնազոհ հայ գործիչներու յարատեւ ջանքերուն, ծանօթ դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան ու որպէս հետեւանք՝ շատ նեցուկ կանգնեցան մեր պահանջատիրութեան: Սակայն երբ համաճարակը կամ բնական աղէտը պիտի հարուածէ՝ հրեայի, հեթանոսի, Հայ Դատի բարեկամի կամ սպիտակատեացի միջեւ տարբերութիւն չի դներ:
Ներկայ գրութեան նախաձեռնելով՝ «Իպոլա» կոչուող աղէտի մասին գիտական վերլուծում կատարել չէր նպատակս, այլ այդ աշխարհամասին վերաբերեալ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցել ընթերցող հասարակութեան: Բժիշկ բարեկամներուս կը թողում «Իպոլա» համաճարակի մասնագիտական վերլուծումը։
Երբ այս տողերը կը գրուին, արեւմտեան Ափրիկէի այդ երեք հանրապետութիւններուն մէջ, արդէն իսկ «Իպոլա» համաճարակին զոհ գացած են հազարի մօտ դժբախտ բնիկներ, եւ նոյնքան բարձր է նաեւ մահացու այդ մանրէներէն վարակուածներուն թիւը: Ասոնց շարքին կը գտնուին առողջապահական կալուածէն ներս գործող ամերիկացի զոյգ մը սպիտակամորթ կամաւորներ, որոնք կը ծառայէին այդ շրջանէն ներս։ Ափրիկեան քսան տարիներու մեր կեցութեան ընթացքին անդրադարձած ենք, թէ երկրին յետամնաց գաւառներուն մէջ գործող օտարերկրացի սպիտակամորթ կամաւորները, առողջապահական ու կենցաղային ինչպիսի՛ ողորմելի պայմաններու տակ կ՛ապրին ու կը գործեն: Նոյնը կարելի է ըսել կաթողիկէ եւ աւետարանական միսիոնարներու մասին: Սակայն շնորհիւ ամերիկեան իշխանութիւններու աչալրջութեան, առողջապահական բնագաւառէն ներս գործող ու համաճարակէ վարակուած բնիկները խնամող զոյգ մը կամաւորներ կարելի եղաւ վերջին րոպէին փրկել մահուան ճիրաններէն՝ ապահովելով անոնց շուտափոյթ տուն դարձն ու վերապրիլը: Սակայն զուտ մարդասիրական ու բարոյական գետնի վրայ, ինչո՞ւ ամերիկեան հպատակութիւն ունեցող զոյգը փրկող շիճուկը՝ կատարելագործուած կամ ոչ, «Էֆ.Տի.Էյ.»ի փորձառական հետաքննութենէն անցած կամ ոչ, ախտավարակ բնիկներու կեանքերը փրկելու համար ճիշդ ժամանակին չգործածուեցաւ: Արդեօք թերի բուժումը նախամեծար չէ՞ր ստոյգ մահէն, որ ափրիկեցի խեղճ վարակեալներուն կը սպասէ: Գրութեանս մուտքին խոստովանեցայ, թէ բժշկական գիտելիքներով օժտուած անհատ մը չեմ, այլ՝ զուտ մարդասիրական նկատառումներով շարժող սրտցաւ մարդ ու հրապարակագիր: Սակայն տասնամեակներ ամբողջ բնակած ու գործած ըլլալով աղէտի վայրերէն ներս՝ բնիկի զարկերակին մերձակայութեամբ, մօտաւորապէս կրնամ կռահել կամ մատնանշել «Էյտզ»ի եւ «Իպոլա»ի ծննդավայր արեւմտեան Ափրիկէի մէջ ծնունդ առած համաճարակներու տուն տուող կենցաղային ապառողջ պայմանները:
Գաղտնիք չէ, թէ «Էյտզ»ը կապիկներու հետ ափրիկեցի բնիկներու փոխյարաբերութեան վերագրուեցաւ, ապա միասեռական կենցաղով ապրող տղամարդոց վիզին փաթթուեցաւ:
Մեզմէ շատերուն համար ծանօթ իրողութիւն է, թէ Ափրիկէի բնիկներու սնունդին մաս կը կազմեն կոկորդիլոսի եւ դաշտային առնէտի կողքին՝ նաեւ կապիկներու միսը, որ ըստ տեղացիներուն՝ մարդու միսէն ետք ամենահամեղն է… եւ մասնաւորապէս՝ խորոված վիճակի մէջ (Տե՛ս ափրիկեան «Չիքօ» պատմուածքը)։
Եզրափակելու համար, «Իպոլա»ի հետ առնչուող ցնցիչ դէպք մը կ՛ուզեմ յիշել:
Օր մը մեր հիմնարկին մօտակայքը, Վիլքինսըն պողոտայի երկայնքին ինքնաշարժս կանգնեցուցի՝ կազի կայանէն քարիւղ լեցնելու: Ճամբուն միւս կողմի բաց կոյուղիին մօտէն զոյգ մը երիտասարդ խափշիկուհիներ, գլխավերեւը՝ թարմ ձուկերով լեցուն սակառներ, հեւալով կը յառաջանային՝ իրենց ամուսիններու այդ օրուան որսը երկու մղոն անդին գտնուող ծովեզերքէն հետիոտն շուկայ իջեցնելու։
Կիներէն մէկը կոյուղիին մէջ բան մը նշմարեց. սակառը վար դրաւ գլուխէն, ծռելով կոյուղիին մէջէն սատկած կենդանի մը հանեց ու գուրգուրանքով թարմ ձուկերու կոյտին վրայ զետեղեց: Խափշիկուհիի այդ արարքը հետաքրքրութիւնս շարժեց: Ինքնաշարժս թողած՝ մօտեցայ ձկնավաճառ կնկան, ակնարկ մը նետելու համար կոյուղիէն որսացուած կենդանիին վրայ: Սատկած դաշտային առնէտ մըն էր…
Տեղական «գրիօ» լեզուով.
– Մա, ունա տեմ ռոթին արաթա, ի կօ փոյլ տեմ ֆայն ֆիշ… (Այս սատկած առնէտը պիտի փճացնէ թարմ ձուկերդ…)
– Նօ, մասթըր, նա ֆայն պիֆ… (Ո՛չ, շէֆ, ասիկա համեղ մսացու է…)
Երբ յետամնաց հասարակութեան մօտ տիրող առողջապահական նորմերու մասին խօսք կը դառնայ, իւրաքանչիւր անհատ կամ խմբակցութիւն ունի իր արժեչափերը, որոնցմով կ՛առաջնորդուի: Սակայն հաղորդակցութեան ներկայ դարուն կրնայ նաեւ մահացու համաճարակի վերածուիլ այդ արժեչափը:
Տարիներ առաջ, երբ մասնագէտները եզրակացուցին, թէ «Էյտզ»ի համաճարակը կապիկներէն մարդոց փոխանցուեցաւ, այդ մէկը պէտք էր կապուէր խափշիկներու անդնդախոր ստամոքսը լեցնող կապիկի խորովածի համեղ պատառներուն… Գուցէ կարելի է նաեւ եզրակացնել, թէ կոյուղիէն հանուած սատկած առնէտը կապ մը կրնայ ունեցած ըլլալ «Իպոլա» համաճարակին հետ…