
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Մարաթոնի միութեան, Կիրակի, 17 Օգոստոսին, հարաւային Լիբանանի Հասպայա շրջանին Արամուն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ 5 եւ 10 քմ. երկարութիւն ունեցող վազքի մրցում մը՝ նպատակ ունենալով քաջալերել զբօսաշրջութիւնն ու պատմական վայրերու այցելութիւնը:
Այս մարաթոնին սկիզբի ազդանշանի տրուելուն արարողութեան՝ առաւօտէան ժամը 8:30ին, ներկայ էին Պէյրութի մարաթոնի միութոան նախագահ Մէյ Խալիլ, ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ շրջանի քաղաքական եւ միութենական անձնաւորութիւններ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 2500 երկսեռ մարզիկներ՝ տարբեր ակումբներէ, Լիբանանէան բանակէն եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖէն:
Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը՝ արձանագրելով 52 վայրկեան արդիւնք մը, իր տարիքային խմբաւորումին մէջ գրաւեց առաջին դիրքը:
Մրցանակները շինուած էին կաւով եւ անոնց վրայ փորագրուած էին լիբանանցի արհեստաւորներու կողմէ գրութիւններ եւ գծագրութիւններ:
Նշենք, որ այս մարաթոնը կը վայելէր նաեւ հովանաւորութիւնը կրթական եւ երիտասարդական նախարարութիւններուն հովանաւորութիւնը: