Հայոց եկեղեցոյ պատմութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք անշարժ եւ ապառաժեայ ժայռերուն մէջ շինուած եկեղեցիներու: Վանականներու գրութիւնները եւ շարականները միշտ ու միշտ կը շեշտեն անոնց անշարժ մնալու կարեւորութիւնը: Սակայն մեր պատմութեան մէջ դժբախտաբար կան իրականութիւններ, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցիներ թափուր մնալով, անոր զաւակները հոս ու հոն պարտադրաբար կը տեղափոխեն եկեղեցին: Օրինակ, Անթիլիասի մայր տաճարը ունի շատ հատաքրքրական պատմութիւն, թէ ինչպէ՛ս Սիսէն, Հրոմկալէն, Հալէպէն ետք, ի վերջոյ կը հաստատուի Անթիլիաս, Լիբանան: Այս յօդուածով ձեզի կը պատմեմ Ֆրեզնոյի Մուսա լերան շարժուն եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Ձեր բոլորիդ ծանօթ է Մուսա լերան տեղահանութեան պատմութիւնը, թէ ինչպէս 1915ին լեր բարձրացած ժողովուրդը կռիւի ընթացքին «եկեղեցի» կազմած է եւ պատարագ մատուցած է: Երբ ֆրանսացիները ազատագրած են ժողովուրդը ու հաստատած Եգիպտոսի Փօր Սայիտ քաղաքը, հոն նաեւ այս անգամ վրանի մը տակ դարձեալ կազմած է իր եկեղեցին: 1939ին, երբ ժողովուրդը դարձեալ կը տեղահանուի ու կը հասնի Այնճար, դարձեալ եկեղեցի կը կազմէ՝ նախ վրանի մը տակը, ապա սրահի մը մէջ: Ներկայիս ունի հոյակապ կառուցուածքով շինուած Սուրբ Պօղոս եկեղեցին: Այս եկեղեցոյ շուրջն է Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշակոթողը, ուր եւ նաեւ կը հանգչին մեր նահատակներու աճիւնները: 1946ին, ներգաղթի օրերուն, ժողովուրդին շուրջ կէսը կը ներգաղթէ Հայաստան: Հոն նաեւ ի վերջոյ կը կազմակերպուի եւ Մուսա լեր աւանին մէջ ամէն տարի կը յիշատակուի հերոսամարտի տարեդաձը: Լիբանանի պատերազմին պատճառաւ, 1975էն սկսեալ մեծ թիւով հայրենակիցներ հասան Ամերիկա եւ հաստատուելով տարբեր քաղաքներու մէջ՝ շարունակեցին իրենց ուխտը: Հոս կ՛ուզեմ յիշատակել Մովսէս Ա. քահանայ Շիրիքեանի անունը: Ան 1960ական թուականներէն, Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ մէջ սկսած է յիշատկելու Մուսա լերան տօնը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի:
1984 թուականի գարնան, Սան Ֆրանսիսքոյի խումբ մը հայրենակիցներ եկան Ֆրեզնօ եւ մեզի հետ միասին կազմակերպեցին առաջին տօնախմբութիւնը: Առաջին շարժուն եկեղեցին կազմեցինք Յակոբեան դաշտավայրին մէջ: Այս դաշտավայրը եղած է Ֆրեզնոյի հայութեան աշխոյժ կեդրոնը՝ Սոֆիա Յակոբեանի օրերուն: Ներկայիս անիկա աւերակ է: Այդ դաշտավայրի պատասխանատուն էր 85ամեայ ընկեր Տիրանեանը: Ինծի վստահած էր բանալիները: Շաբաթ գիշեր, երբ հարիսան կը պատրաստենք, եկած էր հսկողութեան…: Կը խուսափէի իրմէ: Ի վերջոյ գտաւ զիս: Երկար խրատեց զիս, երբեմն՝ բարձր ձայնով: Երկուշաբթի առաւօտ, երբ իր տունը գացի՝ բանալիները յանձնելու, չէր խօսեր: Քիչ ետք պոռթկաց ըսելով. «æուրի խողովակ մը կոտրած էք: Խստապահանջ էին հիները: Երնէկ անոնց»: Հանդարտեցաւ, եւ յուզուած ձայնով պատմեց, թէ այդ վայրէն ովքե՜ր անցած են: «Այս տեղէն անցան վանեցիները, խարբերդցինրը, մշեցիները, չաքմաքցիները եւ հիմա դո՛ւք ալ կ՛անցնիք»: Ինք վերջացած էր այդ փորձառութենէն, իսկ ես նոր կը սկսէի: Ճամբեց զիս, բայց նախ խոստացայ նորոգել ջուրի խողովակը։ Առաջին տարիները անախընթաց էին: Ոչխար կը մորթէինք… հայրենակցական խրախճանք կը կազմակերպէինք… աւաղ, քանի մը տարիներ ետք այդ ախորժակը տկարացաւ: Տարի մը, շատ տաք Կիրակի օր մը, ջերմաստիճանը հասաւ 110ի։ Սահակ քահանայ Անտէքեան, ներկայիս՝ վախճանած, ուժասպառ հազիւ կրցաւ պատարագը աւարտել:
1990ի սկիզբները «եկեղեցին» փոխադրեցինք հայկական ծերանոց, ուր պայմանները աւելի նպաստաւոր էին: Գլխաւորաբար ելեկտրական հոսանքը աւելի ապահով էր: Եկեղեցւոյ պատարագի իրերը փոխ կառնէինք Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիէն: Միշտ փորձած ենք գտնել մուսալեռցի քահանաներ: Արժանի է մանաւանդ յիշել Նարեկ Ա. քահանայ Շիրիքեանի եւ Խորէն Ա. քահանայ Հապէշեանի անունները, որովհետեւ անոնք ի գին ամէն զոհողութեան, համբերութեամբ, մեր թափառական եկեղեցոյ պատարագները կը մատուցէին եւ մատաղը կ՛օրհնէին: 1999ին երրորդ վայր մը տեղափոխուեցանք: Այս անգամ՝ պետական դաշտավայր մը, որուն հսկայ տարածքին մէջ մե՛նք կորսուեցանք: Այստեղ ալ ձախող փորձ մը կատարեցինք: Հարիսան սկսանք եփելու Կիրակի կանուխ առաւօտուն, սակայն պատարագի աւարտին, պատրաստ հարիսա չկար ու չկար: Այդ ընթացքին, մէկ տարի մըն ալ ես յանձն առած էի գնումները: Սան Ֆրանսիսքօ բնակող հայրենակից մը յաճախ կ՛օգնէր մեզի: Ան յանձնեց ինծի խմիչքներու երկար ցանկ մը: Վարչականներն ալ շեշտեցին, թէ ճամբուս վրայ Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցիէն վերցնեմ նաեւ պատարագի յատուկ իրեր: Գնումները ըրի, շատ ուշադիր եղայ գարեջուրի տեսակներու եւ քանակի ճշդութեան:
Վերադարձիս հանդիպեցայ եկեղեցի. ժամկոչը պատրաստ կը սպասէ՛ր: Բեռնատար ինքնաշարժիս մէչ ամէն ինչ կրցա՛նք տեղաւորել՝ բացի Տիրամօր նկարէն: Շատ մեծ նկար էր. ստիպուած՝ զայն կապեցինք գարեջուրերուն վրայ: Խելքիս չպարկեցաւ, բաներ մը մրթմրթացի ու սկսայ գշելու: Հազիւ քանի մը մղոն գացած էի, ջղային վիճակ մը պայթեցաւ մէջս: Ես ինծի հետ կը վիճէի: Կանգնեցայ մայթի մը եզրին ու պարանները գակեցի եւ Տիրամօր նկարը փորձեցի ներսը տաղափոխել: Բայց անկարելի էր: Ա՜խ,- ըսի,- վաղը ասիկա պիտի տեղաւորեմ եկեղեցիին մէջ։ Այդ չըլլալիք ամայի վայրին մէջ, մեր շարժուն եկեղեցին գլխուս փլած էր: Թափառական ու որբ զգացի, չորս դիս ոչ մէկ հայ, ջղային վիժակի մը մէջ, նկարը դարձեալ կապեցի: Այս անգամ Տիրամօր դիմքը դէպի երկինք կը նայէր…
Միայն մօրս պատմեցի պատահածը, իսկ հիմա, տասնամեակներ ետք, ձեր ալ ներողամտութեան կը դիմեմ:
Քանի մը տարի այդ պետական դաշտավայրը մնացինք, բայց այնքա՛ն սուղ էր վայրը, որ սնանկութեան սահմանները հասանք: Թափառականը երբեմն կ՛ըլլայ նաեւ բախտաւոր: Գտանք նոր վայր մը, որ նման է Այնճարի ակին մօտ այն ծառաստանին, ուր ժամանակին կը տօնախմբուէինք: Նոր դաշտին անունն է «Շերիֆ Փարք»: Մեր հաշուոյն, մեր շուրջպարերուն ընթացքին, կը պատահի որ քանի մը փամփուշտ կրակեն «շերիֆ»ները՝ մասնակից ըլլալով մեր քէֆին: Երկու տարի առաջ, երբ սրահին մէջ կազմած էինք եկեղեցին, կը սպասէնք տէր հօր հրամանին, սարկաւագ մը ըսաւ ինծի, թէ վարագոյրները չեն գոցուիր: Ինչպէս կը կռահէք, լաւ ալ ժամկոչ մը չեմ: Պատարագի սեղանը պատրաստ է,- ըսի եւ անցայ: Պնդեցին, թէ վարագոյրը չի գոցուիր, դարձեալ փորձ մը ըրի սարքելու զայն, բայց այս անգամ բոլորովին քանդեցի անոր կազմուացքը: Անհանդարտ վիճակի մը մէջ յայտարարեցի, թէ ելք չկայ, առանց վարագոյրի պիտի կատրուի պատարագը: Պատարագիչ քահանան համբերող էր եւ խոհուն, հանդարտ ձայնով սկսաւ աղօթքը:
Տարի մը, սարկաւագ մը վազեց ըսելով՝ խունկի դգալը մոռցեր եմ.
– Հոգիդ սիրեմ,- ըսի,- ձեռքով լեցուր:
Թափառական այդ վայրին մէջ եկուր հիմա դգալ գտիր:
Ուրիշ տարի մը եկեղեցին չկրցայ Շաբաթ գիշեր կազմել: Նոյն սրահին մէջ օտարներ հարսանիք ունէին: Եկուր ալ՝ մէջէն ե՛լ: Ուշ Շաբաթ գիշեր, փորձեցի սրահ մտնել: Ինչ տեսնեմ՝ կազմուելիք եկեղեցւոյ մէջ հարսնեւորները «Տիսքօ» սարքած էին… Հարսնեւորները, հարսն ալ, փեսան ալ մոռցած, գարեջուրի շիշերը ձեռքերնին՝ իրարու փաթուած կը պարէին: Ներսը շատ մութ էր, սեղանը հազիւ կը տեսնէի՝ ձայնապնակներով լեցուն:
Դուրս եկայ սրահէն, առաւօտ ժամը մէկը անց էր: Քշեցի ու հասայ տուն, ալ եթէ կրնաս՝ քնացիր։ Յիշեցի Տիրամօր նկարի տեղափոխութիւնը: Ես այդ սրահին մէջ առաւօտուն եկեղեցի պիտի կազմէի: Աչքիս առջեւ կ՛անցնէին Այնճարի յիշատակներ, բարձունքին շինուած տպաւորիչ Ս. Պօղոս եկեղեցին, ծանօթ թաղական խորհուրդի մարդիկ: Յիշեցի շարականի մը քանի տողերը. «Եկեղեցին գոյ անշարժ պահեա՛»:
Յաջորդ Կիրակի առաւօտ, մտահոգ ու աճապարանքի մէջ հասայ վայրը: Բան չէի խօսեր, աթոռները շարեցի, պատարգի սեղանը շտկեցի, արդէն քահանան հասաւ, բարի ու ազնիւ անձնաւորութիւն մը՝ միշտ լաւատես, ընդառաջած էր մեր առաջարկին, ժամանած էր Քանատայի Քեմպրիճ քաղաքէն, յանձինն Կոմիտաս քահանայ Փանոսեանի: Մխիթարուած զգացի զինք տեսնելով։ Յուսամ աղօթքները ի խորոց սրտերէն կ՛ըլլան,- ըսի միտքէս ու ալ հեռաձայ խորանէն. մինչեւ միւս տեղաբոխութիւն:
Այսպէս, երբ մենք թափառական ճամբայ ելանք 1939ին, ժողովուրդը վերջնականապէս ստիպուեցաւ հեռանալու այն լեռներէն, որոնք իր կենցաղային գոյութեան իմաստն էին: Հիմա Ֆրեզնոյի այս մէկ իսկ քաղաքին մէջ թափառական ենք: Շարժուն այս եկեղեցին քարեր չունի, որ օծուին: Մեր երթով ինքն ալ իր գոյութիւնը կը կորսնցնէ: Թշնամիներ չկան, որ գրաւեն զայն, ո՛չ իսկ օտարներ, որ կարենան պղծել անոր դռները: Առանց փարոսի նաւ մը, որ կը շարունակէ իր գնացքը… Ու կը կազմենք ու կը քանդենք այդ շարժուն եկեղեցին, որուն հաւատքն է հաստատուն, բայց գոյութիւնը՝ շարժուն:
Երեսուն տարիներ անցած են անախընթաց այդ թուականէն, երբ 1984ին առաջին մատաղը մատուցեցինք Մուսա լերան լանջերուն նահատակուած մեր հայրերուն: Մուսալեռցի մեր հայրենակիցներէն շատ քիչ թիւ մը մնացած է: Մնացեալը՝ գիրքեր եւ յուշեր:
Մուսալեռցի գրագէտ Եդուարդ Պոյաճեան այսպէս կտակած է իր «Միտք Պահի» գրութեան մէջ. «Միտք պահէ՛, թէ դուն ճէպէլմուսացի ես, նոյնիսկ եթէ բախտ ըսուածը բերած ըլլայ քեզ այս նոր հողերուն կամ նետած տարագրութեան որեւէ գեհանի մը կրակին: Միտք պահէ՛: Քառասուն օրեր՝ քառասուն արեգակի պէս, քառասուն դար կը լուսաւորեն»: Անձնատուր չենք եղած բախտին ու անշեղ կը գալենք այն ճամբէն, որ կը պահանջէ Մուսա լերան յաղթութեան ոգին: Այս ուղին գծեցին Մուսա լերան լանջերուն նահատակուած տասնութ նահատակները: Հաստատուն այս հաւատքով, ամէն տարի նոր ու նոր կը կազմենք նոր խորան ու կը շարժինք դէպի մշուշոտ ապագան՝ հաստատ գիտնալով, թէ անպայման պայծառ առաւօտ մը ըլլալու է հայրենի լանջերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.