ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը իր պահեստային հիմնադրամէն մշակոյթի նախարարութեան պիտի յատկացնէ 110 միլիոն դրամ՝ երկար խաղարկային շարժապատկերի ժապաւէններու պատրաստութեան համար: Նման որոշում տրուած է 28 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին:
Ժապաւէններէն մէկը կը կոչուի «Վարդապետի Լռութիւնը» եւ նուիրուած է Կոմիտասի գործունէութեան, իսկ երկրորդը ժապաւէնը՝ «Քարվաճառ» անունով, պիտի պատրաստուի իրանական ստեղծագործական խումբի կողմէ:
Մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանի խօսքով՝ ժապաւէնը որոշ չափով ունի քաղաքական նշանակութիւն եւ կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդի կենսակերպին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.