
ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Ինչպէս նախորդ տարեշրջանի Մայիսին յայտարարուած էր, այս տարուան իւրաքանչիւր ամսուն 24ին, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտութիւնը պիտի ունենայ Ապրիլեան հերթական հաւաքներ՝ արթուն պահելու համար ազգային գիտակցութիւնը բոլորիս մէջ։
Ուրբաթ, Օգոստոս 22ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարանի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ դպրոցի բակը, ուր տեղի ունեցաւ սեղմ եւ բովանդակալից յայտագիր մը:
Տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի սրտի խօսքէն ետք, պահանջատիրական իրենց արդար ձայնը լսցուցին Աշակերտական խորհուրդի անդամներ Սարին Քոթոյեան եւ Նիքլըս Փափազեան: Ապա խօսք առաւ Աշակերտական խորհուրդի պատասխանատու ուսուցչուհի Ռոզալին Մատոյեան, եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բոլոր երկիրներու դրօշները զետեղուեցան հսկայ պաստառի մը վրայ: Հաւաքը աւարտեցաւ պասքեթպոլի խաղավայրը, ուր աշակերտութիւնը խմբուեցաւ, եւ խորհրդանշական 100 եռագոյն փուչիկներ բարձրացան երկինք՝ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան կողմէ:
Ազգային հայրենասիրական երգերով եւ բարձր տրամադրութեամբ վերջ գտաւ յայտագիրը, որ անթերիօրէն կազմակերպուած էր վարժարանիս Հայերէնի բաժանմունքի բոլոր ուսուցիչներուն եւ ծնողներէ բաղկացած «Հայ Ոգի» յանձնախումբին կողմէ։
Ստորեւ՝ վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչ Հրաչ Սեփեթճեանի այս առիթով արտասանած խօսքը.
Թող մեր 100 փուչիկները օդը բարձրանան եւ աշխարհին ըսեն՝ մենք կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանանք:
Թող մեր 100 փուչիկները 100 տարուան մեր ցաւը տանին հեռուներ բոլոր, որպէսզի հայը վիշտ չտեսնէ կրկին:
Թող մեր 100 փուչիկները մեր սէրն ու ծիծաղը տանին մեր քոյր-եղբայրներուն՝ Հայաստան եւ Արցախ:
Թող մեր 100 փուչիկները արթնցնեն խիղճը մարդուն, պատժելու չարը, ցեղասպանը թուրք:
Թող մեր 100 փուչիկները տարածեն արդարութիւն, սէր եւ միութիւն, աշխարհի բոլոր ազգերուն:
Թող մեր 100 փուչիկները յիշեցնեն աշխարհին՝ հայուն հողային պահանջատիրութիւնը արդար:
Թող մեր 100 փուչիկները վկան հանդիսանան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ներկային եւ ապագային:
Թող մեր 100 փուչիկները ըլլան զանգ ու ահազանգ, որ չկրկնուի 1915 թիւը, չկրկնուին միլիոնուկէս նահատակները։
Թող մեր 100 փուչիկները ցոյց տան աշխարհին, որ մենք մեր վրէժը կ՛առնենք ապրելով: Ապրելով հպա՛րտ, հազարապատի՛կ:
Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ Սփիւռքը:
Բարձրացնե՛նք փուչիկները՝ յանուն մեր ազատութեան, Հայաստանի անկախութեան, մեր գալիք յաղթանակներուն։