
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տոքթ. Էլ Ֆիլիփսի եւ անոր կնոջ՝ Սուի, առաջնորդութեամբ, այս տարի եւս, յաջորդական 65րդ տարին ըլլալով, դէպի Հայաստան բժշկական առաքելութիւն մը տեղի ունեցած է Յունիս ամսուան ընթացքին, առողջապահական արժէքաւոր սպասարկութիւններ մատուցելով Հայաստանի զանազան շրջաններու աւելի քան 1200 քաղաքացիներու։
Հայ աւետարանչական միութեան հետ գործացակցաբար իրականացած այս առաքելութեան մաս կազմած է մօտաւորապէս 40 հոգի, ներառեալ՝ բժիշկներ, հիւանդապահներ, բժշկութեան ուսանողներ, թարգմանիչներ եւ այլ կամաւորներ։
Արդէն իսկ կը ծրագրուի Յունիս 2015ի առաքելութիւնը, որուն մասնակցելու կամ օժանդակելու կարելիութեան համար, այցելել amaa.org կայքը։