
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– 11 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ սկսած է թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի տարածաշրջանային համաժողով:
Ժողովի բացման ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն նշած է, որ թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութիւնը միջազգային խնդիր է եւ միջազգային լուծում կը պահանջուի, եւ ատոր համար կարեւոր է համագործակցութիւնը տարբեր երկիրներու հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան դիտել տուած է, որ երկրին մէջ շարունակական աշխատանքներ կը տարուին թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութիւնը յայտնաբերելու եւ կանխարգելելու ուղղութեամբ:
«Հայաստանը յաջողութեամբ համագործակցում է միջազգային կառոյցների, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿի Թմրամոլութեան եւ յանցաւորութեան հետ պայքարի վարչութեան հետ: Մենք կարեւորում ենք փորձ փոխանակումը, միջազգային կառոյցների հետ համագործակցութիւնն ու պետական կառոյցների գործունէութեան գիտական ու մեթոդաբանական ապահովումը, կադրերի վերապատրաստումը», յայտնած է Վիգէն Սարգսեանը:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան նկատել տուած է, որ թմրամիջոցներու դէմ պայքարին մէջ մեծ նշանակութիւն կրնան ունենալ իրաւապահ մարմիներուն թեքնիք խորհրդատուութիւնն ու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց շարունակական մասնագիտացումը: