
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 11 Սեպտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, նոյն վեհաժողովին մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավար, ծերակուտական Ալան Ներիի գլխաւորութեամբ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց ֆրանսացի խորհրդարանականներուն ներդրումը՝ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, եւ նշեց, որ խորհրդարանական ձեւաչափով աշխոյժ կապերը մեծապէս կը նպաստեն հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման:
Նախարարը ողջունեց Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբերու անդամ ֆրանսացի ծերակուտականներու եւ երեսփոխաններու ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ՝ ընդգծելով, որ նման այցելութիւնները կարելիութիւն կու տան գետնի վրայ եւ ուղղակիօրէն տեղեկանալու տարածաշրջանային գործընթացներուն մասին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ ֆրանսացի ծերակուտականներն ու խորհրդարանականները յայտնեցին, որ տպաւորուած են Արցախ տուած իրենց այցելութենէն, իշխանութիւններուն եւ բնակչութեան հետ հանդիպումներէն: Անոնց բնորոշումով՝ արցախցիները, ապրելով դժ-ուար պայմաններու մէջ, յաջողութիւններու կրցած են հասնիլ պետակաշինութեան եւ զարգացման գործին մէջ:
Անոնք վստահեցուցին, որ պիտի շարունակեն ջանքերը՝ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու առաւել խորացման նպատակով:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներուն մէջ հայկական եւ ֆրանսական պատուիրակութիւններու համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Հիւրերուն խնդրանքով՝ նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը խնդիրներու։