
ԴՊՐՈՑԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ 450,000 ՏՈԼԱՐ
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Հոլիվուտի «Տոլպի» սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 600 հանդիսականներու, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2014ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձի տօնակատարութեան նուիրուած ճաշկերոյթը: Ձեռնարկին ընթացքին յատուկ գնահատանքի արժանացաւ դպրոցի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը:
Տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը, նախօրօք կատարուած աշխատանքով արդէն իսկ հանգանակած էր շուրջ 250 հազար տոլար նուիրատուութիւն: Իսկ, ձեռնարկի ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ, տէր եւ տիկին Գրիգոր Չաքեաններ դպրոցին նուիրեցին 200,000 տոլար:
Հայապահպանման ազնիւ աշխատանքը գործնականացնելու գաղափարը կեանքի կոչելով՝ յիսուն տարիներ առաջ, Սեպտեմբեր 1964ին, Լոս Անճելըսի մէջ, իրաւաբան Մատթէոս Ֆերահեանի՝ Ամերիկայի մէջ հայկական դպրոցաշինութեան համար թողած կտակին օգտագործումով՝ երիտասարդ դաստիարակ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան հիմը կը դնէր Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ կրթօճախին՝ Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին, դարձնելով զայն ամրոց մը հայ սերունդը զինելու հայոց լեզուով, գրականութեամբ, մեր պատմութեամբ եւ ժառանգութեամբ:
Կրթական, մշակութային, պատմական արժէքները եւ ժառանգութիւնները պահպանող, փոխանցող եւ իր հարիւրաւոր շրջանաւարտներու ծաղկեփունջերով զարդարուած Ազգային Ֆերահեան վարժարանը, շնորհիւ իր տարիներու յարատեւ եւ նուիրեալ աշխատանքին, յիսուն տարիներ ետք տակաւին կը շարունակէ ծառայել իրեն վստահուած նորահաս սերունդներուն՝ տալով լաւագոյն եւ բարձրագոյն դաստիարակութիւն, զարգացնելով եւ զօրացնելով հայու ոգին:
Նախքան պաշտօնական յայտագիրին սկսիլը, մէկ ժամ տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը, որմէ ետք ներկաները անցան ճաշասրահ, որպէսզի մասնակից ըլլան պաշտօնական յայտագիրին: Վարժարանի 50ամեակը իրարու քով համախմբած էր հին ու նոր դասընկերներ, շրջանաւարտներ, ծնողներ, հոգաբարձուներ, որոնք կրկին գտած էին զիրար, որոնք բոլորուած իրարու շուրջ՝ անցեալի դպրոցական օրերը կը վերյիշէին եւ զիրար կը շնորհաւորէին: Ամէն կողմ ուրախութեան եւ հպարտանքի մթնոլորտ կը տիրէր, ինչպէս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Փառք կու տամ Աստուծոյ եւ գոհունակ սիրտով ձեզի հետ կը վկայեմ պատմական այս երեկոն, մեր թանկագին վարժարանի 50րդ տարեդարձը, ոսկեայ յոբելեանը, ըսելով՝ բարի տարեդարձ Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարանին եւ Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին»:
Ձեռնարկին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողքին ներկայ էին Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան, վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան եւ փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Վահէ Յովակիմեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Մակի Սարգունի, վարժարանի Ուսումնական մարմինի անդամներ, բարերարներ, «Ֆերահեան»ի անցեալի եւ ներկայի ծնողներ, ուսուցիչներ, շրջանաւարտներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր:
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինը սկսաւ Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգներով, կատարողութեամբ վարժարանի 2008 թուականի շրջանաւարտներէն Թուխման Խաչատուրեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ դպրոցի տասնամեակներու երգեցողութեան ուսուցիչ Ալֆրետ Մարտոյեանի. ապա բացումը կատարեց շրջանաւարտ Սենտի Պետրոսեան: Ողջունելէ ետք ներկաները, ան բեմ հրաւիրեց ձեռնարկի յանձնախումբի նախագահ Ռաֆֆի Մանուկեանը, կատարելու համար բացման խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կանգնած են վարժարանի յառաջընթացին եւ ըսաւ. «Ահա կը մօտենանք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, եւ այս երեկոն փաստ մըն է, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը ձախողեցաւ հայ ազգը բնաջնջելու իր նպատակներուն մէջ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ անցեալի եւ ներկայի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան, որոնք նուիրուածութեամբ եւ հոգատարութեամբ հայկական դաստիարակութիւն կը ջամբեն մատղաշ սերունդներուն, ապա բեմ հրաւիրեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, որպէսզի կատարէ բացման աղօթքը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, ուր պատկերներու ընդմէջէն ներկայացուեցաւ վարժարանի պատմականը, կառոյցը, մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական, ինչպէս նաեւ անոր նուաճումները՝ կրթական, ազգային, մշակութային, ընկերային եւ այլ մարզերու մէջ: Ազգային մեր բոլոր սովորութիւններուն կողքին, մեր ժողովուրդը ունի նաեւ յարգանքի եւ մեծարանքի շնորհումներ, ազգի այն բոլոր զաւակներուն նկատմամբ, որոնք իրենց անզուգական ներդրումներով սատար կանգնած են ազգին եւ հայրենիքին:
Խօսք առաւ նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան: Ան բարձր գնահատեց վարժարանին բերած նպաստը՝ հայ գաղութի նոր սերունդներու կրթական, մշակոյթի պահպանման եւ դաստիարակման աշխատանքներուն մէջ: Հայկական վարժարանի մը հիմնումը եւ անոր դերակատարութիւնը կենսական համարելով՝ Գրիգորեան խօսեցաւ յիսուն տարիներ առաջ մէկ երիտասարդի մը երազանքին մասին, որուն շնորհիւ՝ իրականութիւն դարձաւ Ամերիկայի առաջին հայկական դպրոցին՝ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի, հիմնադրութիւնը: Ապա հպարտութեամբ բեմ հրաւիրեց վարժարանի հիմնադիր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, որպէսզի ստանձնէ քաղաքապետարանին կողմէ իրեն շնորհուած պարգեւը, նաեւ բեմ հրաւիրեց վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն Գարմէն Լիպարիտեանը եւ Փիթըր Ագարակեանը, որպէսզի փոխանցեն իրենց սրտի խօսքերը:
Գաբրիէլ Ինճէճիկեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, անգամ մը եւս խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական վարժարան հիմնելու իր տարիներու աշխատանքին մասին, որ վերջապէս իրականացաւ Մատթէոս Ֆերահեանի կտակով: Ապա հպարտութեան զգացում յայտնեց այն բոլոր աշակերտներուն հանդէպ, որոնք շրջանաւարտ եղած էին վարժարանէն եւ արդէն իսկ հասած հպարտալի դիրքերու: Իր խօսքին մէջ ան աւելցուց, թէ ինք գուշակած էր արդէն, որ եթէ հայկական դպրոց մը բացուի եւ յաջողութիւն գտնէ, ապա Ամերիկան պիտի օժտուի հայկական վարժարաններու ցանցով մը, եւ՝ չէր սխալած: Իր խօսքի աւարտին, ան ներկաներուն յանձնարարեց, որ խօսին հայերէն, կարդան եւ գրեն հայերէն եւ ապա բարձր ուսում ստանալով՝ դառնան տիպար քաղաքացիներ:
Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան: Ան եւս բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին նշեց, թէ հաւատամքով հիմնուած կառոյց մը դարեր շարունակ կը գոյատեւէ՝ ներշնչելով սերունդներ շարունակ, ինչպէս՝ Մատթէոս Ֆերահեանի այն երազն ու հաւատամքը, թէ հայկական դպրոցը այն միջավայրն է, ուր հայ երիտասարդը կը փրկուի ցուլումէ: Ահա այդ հաւատամքը տակաւին կ՛ապրի եւ կը յարատեւէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Մատթէոս Ֆերահեան մահացած չէ, այլ կը շարունակէ ապրիլ իւրանքանչիւր ֆերահեանականի սիրտին մէջ:
Տնօրէնը մեծապէս արժեւորեց հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի գործն ու կամքը: Ան ընդգծեց նաեւ դպրոցի առաջին տասնամեակի հոգաբարձուներէն տոքթ. Սուրէն Սարոյեանի նուիրումը՝ դպրոցին: Տնօրէնը իր խօսքի աւարտին մեծապէս գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ դպրոցի Ուսումնական մարմինի աշխատանքը՝ յատկապէս ընդգծելով այդ յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Մանուկեանի եւ յանձնախումբին մօտ Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Աւագեանի տարած աշխատանքը:
Խօսելով վարժարանին մասին՝ ան ըսաւ, թէ վարժարանի յիսուն ամեակը կը պատկանի բոլորին, մանաւանդ՝ բոլոր անոնց, որոնք կապ ունեցած են եւ ունին Ֆերահեան վարժարանի գոյատեւման հետ, քանի որ առանց անոնց՝ «Ֆերահեանը գոյութիւն չէր ունենար եւ Ֆերահեանը Ֆերահեան չէր ըլլար»: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն հաւատք ունենալ հայ դպրոցին հանդէպ՝ անիկա ըլլայ բարոյապէս թիկունք կանգնելով թէ նիւթապէս զօրակցելով:
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, վարժարանի շրջարաւարտները հպարտութեամբ ողջունելէ ետք՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, մանաւանդ՝ հիմնադիր հերոս Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին եւ ըսաւ. «Յիսուն տարիներ առաջ, յանդուգն հերոսը՝ պրն. Ինճէճիկեանը, այդ օրերու չակերտեալ խենթը, իր տեսիլքին եւ երազին հաւատալով՝ իր գործակիցներուն հետ միասին իրականութեան վերածեց Սրբոց Նահատակաց երկրորդական վարժարանի հիմնումը, որ շուտով կոչուեցաւ Ֆերահեան երկրորդական վարժարան, որմէ ծնաւ Մարի Գապայեան նախակրթարանն ու Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրը, զորս մենք այսօր հպարտանքով եւ գուրգուրանքով կը վայելենք»: Ապա ան յարգանքի եւ օրհնութեան խօսքեր ուղղեց բոլոր բարերարներուն՝ յայտարարելով, որ վարժարանի 50ամեակի ուրախ առիթով, տէր եւ տիկ. Գրիգոր Չաքեաններ 200,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը խոստացած են վարժարանի Նորթ Հիլզի համալիրի շինարարութեան ֆոնտին:
Պաշտօնական յայտագիրի վերջին բաժինով, վարժարանի շրջանաւարտներէն Նանօր Մուրատեան (2009) եւ Արի Գամպէրեան (2006), բոլոր նուիրատուները հրաւիրեցին, որպէսզի մասնակցին մոմավառութեան:
Կէս դար ապրում եւ ոգեկանութիւն, անսասան հաւատք եւ ծառայութիւն, սփիւռքեան ափերուն ազգային ոգիի օճախ եւ խումբ մը նուիրեալներ, որոնց շնորհիւ՝ վարժարանը տօնախմբեց իր 50րդ ամեակը:
Երեկոն վերջ գտաւ հոգեպարար, ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտով:
Լուսանկարները՝ ԱՐՔԱ ՖՕԹՕ
Յաւելեալ նկարներ տեսնել՝ www.ferahian.com