ԱՍՏՐԱԽԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Կասպից ծովու սահմանակից հինգ երկիրներու 4րդ վեհաժողովին ընթացքին, համաձայնագիրներ ստորագրուեցան՝ ծովու հարստութեան բաժանման, ապահովութեան երաշխաւորման եւ կենսոլորտի մաքրութեան շուրջ, իսկ վերջնական հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն միասնաբար դէմ դնելու նպատակով քայլեր որդեգրելու: Վեհաժողովին մասնակցեցան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ եւ Թիւրքմէնիստանի նախագահ Ղուրպանկուլի Պերտիմուհամետով:
Փութին յայտարարած է. «Համաձայնութիւն գոյացաւ շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ապահովման կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկուն շուրջ, ըստ որուն՝ Կասպից ծովուն մէջ զինուորական ներկայութեան իրաւունքը վերապահուած է միայն զայն եզերող երկիրներուն»:
Իր կարգին, Ռոհանի ըսաւ, որ Կասպից ծովը եզերող երկիրները կրնան հաւաքական ջանքով շրջանին ապահովութիւնը երաշխաւորել՝ առանց արտաքին միջամտութեան:
Նշենք, որ ստորագրուած համաձայնագիրներէն կը բացակայէր Կասպից ծովու ջուրերու սահմանագծման վիճելի հարցը:
Նաեւ, Ալիեւ եւ Փութին Աստրախանի մէջ անջատ հանդիպում ունեցած են՝ քննելով երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ վերոնշեալ վեհաժողովին արդիւնքները:
Փութին նշած է, որ նոյնիսկ «ամէնէն նուրբ մարզերուն մէջ» Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները «բարեկամական են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.