ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխարհի լեզուները իրենց զանազանութեամբ, հիմքը դրած են տարբեր լեզուամտածողութիւններու, որոնք ժամանակ առ ժամանակ կը վերանորոգուին: Այսօրուան լեզուամտածողութիւնը վաղը կրնայ անհասկնալի դառնալ: Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը տարբեր ժամանակներուն իրականացուած Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններն են: Լաւ հասկնալի դարձնելու համար, օրուան մարդուն հասկնալի լեզուով պէտք է մատուցել զանիկա:
Ժամանակի ընթացքին լեզուամտածողութեան հետ, նաեւ մարդոց մտածելակերպը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Նոյնիսկ որոշ բառեր իմաստային տարբեր գունաւորում կը ստանան: Իսկ օրէնքները, որոնք մարդոց համար կը սահմանուին, անպայման պէտք է ժամանակին յարմարին: Կենցաղային պայմաններու կրած փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ պարագաներ կը ստիպեն, որ ամէն բանէ առաջ օրէնքները յարմարին օրուան մարդուն կեանքին:
Անցեալի պատմութեան ժամանակաշրջանին, մարդ իր բերանացի խօսքը հաստատելու եւ վաւերացնելու համար պէտք ունէր աննիւթեղէն կնիքի կամ իր խօսքը հեղինակաւոր դարձնող ոչ նիւթական դրոշմի, որն էր երդումը: Սա այն բառերէն է, որ իր իմաստային արժէքին մէջ փոփոխութիւն կրած է: Երդումը կրօնական առումով եւս իր տարբեր կշիռները ունեցած է անցեալին, իսկ այժմ դատավարական պաշտօնական իր շրջագիծէն դուրս, սովորական նախադասութիւններ իրարմէ բաժնող ստորակէտի վերածուած է գրեթէ:
ԶԱստուած վկայակոչող, իր զաւակին գլխուն եւ արեւին՝ կեանքին վրայ երդուող, իր մկրտութեան սուրբ միւռոնը եւս երդումի նիւթ դարձնող ու իր հօրն ու մօրը գլխուն անգամ երդուող մարդիկ, վստահաբար ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը տալու պատրաստ են:
Յիսուս երդնուլը արգիլեց (Հմմտ Մտ 5.36), իմանալով մարդոց կողմէ ատոր շահագործումը, որուն հետեւանքով ընկերային կեանքի մէջ ահաւոր աւերներ կը գործուէին: Այն, ինչը վեր է մեր մարդկային կարողութենէն, զայն պատանդ չենք կրնար բռնել, երդուելով անոր անունով: Օրինակ, ամէնէն աւելի մեծ մեղանչում կարելի է համարել Աստուծոյ անունով երդնուլը, որովհետեւ զԱյն երբեք չե՛նք կրնար պատանդ վերցնել, ո՛չ ալ մեր կամքին ենթարկել: Ամենազօր Աստուծոյ անունով երդնուլը, հետեւաբար, անընդունելի է նաեւ մեզ երդուեցնողին կողմէ: Երբ դրամատան մէջ գումար չունիս, ո՞վ կ՛ընդունի այն դրամատոմսը զոր կը ներկայացնես վաճառականին: Իսկ զաւակներդ, որոնց գլխուն վրայ կ՛երդնուս, դարձեալ քեզի չեն պատկանիր: Անոնք Աստուծոյ պարգեւներն են, եւ փաստօրէն Ան կրնայ քեզ անոնցմէ զրկել Իր ուզած որեւէ պահուն: Վերջապէս, այն միւռոնը, որով քեզ դրոշմած են, դարձեալ աստուածային շնորհքներու բաշխումը կը խորհրդանշէ, որ քու իրաւասութեան սահմաններէդ դուրս է…
Երդնուլը ուրեմն, դատապարտութեան պատճառ կրնայ հանդիսանալ մարդուն համար: Լաւագոյնն է անկէ հեռու մնալ: Ինչո՞ւ երդնուլ, երբ խօսքի յստակութեամբ կարելի է մեր վկայութիւնը տալ այս կամ այն անձին ու դէպքին մասին: Երդնուլը, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն դեռ կարելի է սովորութենականօրէն ըսուած խօսք համարել: Սակայն կայ աւելին՝ սո՛ւտ երդումը, որ ինքնին կրակ է: Եթէ սովորական իմաստով երդնուլը մարդու սեփական դատապարտութեան պատճառ կը հանդիսանայ, ապա սո՛ւտ երդումը, ուրիշին կեանքը կրակի կու տայ: Ասիկա այնպիսի կրակ է, որուն բոցը մինչեւ երկինք կը հասնի: Սակայն զարմանալիօրէն, Աստուած ուղղակի միջամտութիւն չի՛ կատարեր, ինչքան ալ սուտ երդում տուողը նոյն պահուն կրկնակի՛ երդնու ըսելով, թէ «եթէ սուտ խօսիմ, թող Աստուած այս վայրկեանին հարուածէ զիս»: Այդ պատիժը կ՛ուշանայ սակայն, եւ անիրաւուածը շղթայակապ կը նետուի զնտան, իսկ անիրաւողը իր սուտ վկային հետ միասին ուրախ-զուարթ կը վերադառնայ իր կեանքին:
Կրակի այս տեսակին հետ խաղալու համար ոմանք փորձառութիւնը անհրաժեշտ կը նկատեն: Ուրիշներու կարծիքով ատիկա ի ծնէ եւ ժառանգականօրէն փոխանցուող ունակութիւն է: Հարցին մեծ մասը, սակայն, տակաւին թաքնուած կը մնայ պատեհապաշտութեան, չարամտութեան ու շահու միջեւ: Եթէ սուտ վկան պատեհապաշտ անձ է, կամ չարամիտ եւ կամ շահամոլ, միշտ իր ձեռքին մէջ կը պահէ այս «կրակ»ով խաղալու ունելին:
Պատեհապաշտը ամէն վայրկեան պատրաստ է որդեգրելու այն, ինչ որ կը մատուցուի: Կենդանական աշխարհին մէջ գետնառիւծը ամէնէն աւելի նմանութիւնը կրնայ ըլլալ այս նկարագիրը ունեցող մարդոց, երբ իր կեցած տեղին գոյնը կը ստանայ անոր մարմինը: Մողէսներն ու սողունները բոլորն ալ իրենց փորին վրայ կը սողան, եւ յայտնի չըլլար, թէ ո՞ր մէկը փորի ցաւ ունի: Պատեհապաշտներու շարքերուն մէջէն ալ փորի ցաւ ունեցողները կարելի չէ՛ զատորոշել: Նոյնիսկ կարելի չէ՛ ըսել, թէ ի՞նչ տեսակ փորի ցաւ է անոնց ունեցածը: Մէկ խօսքով տաքն ու պաղը յստակ չէ՛ անոնց մօտ: Այսինքն՝ սուտ վկայութիւն տալու պարտաւորութեան դիմաց չե՛ն գտնուիր անոնք, սակայն եւ այնպէս այդ կրակին հետ կը խաղան ակամայ:
Չարամիտ մարդուն համար սուտ վկայութիւն տալը մէկ գաւաթ ջուր խմելու նման սովորական արարք է, որ թէեւ ուրիշին կրնայ վնասել, սակայն իր սիրտը կը զովացնէ ամրան թէ ձմրան եղանակին:
Չարամիտը կրնայ նաեւ ի՛նք առիթներ ստեղծել սուտ վկայութիւն տալու, ի՛ր իսկ ստեղծած սուտերը հաստատելու եւ ուրիշներու կեանքի երեւոյթներուն զարտուղի ու ազատ մեկնաբանութիւն տալու համար:
Ի՞նչ կարելի է ըսել շահամոլին, որուն Աստուածը իր փորն է: Հոն ուր շահ չունի շահամոլը, երկրի մը գաղտնի սպասարկութեան ամբողջ ցանցը չի՛ կրնար գտնել զայն: Իսկ հոն, ուր շահ ունի՝ ո՞վ կրնայ արգիլել անոր ներկայութիւնը: Հազար միջոցներ ձեռք կ՛առնէ ներկայանալու եւ իր սուտ վկայութիւնը տալու, եւ իր օգուտն ալ քաղած՝ վերադառնալու իր կեանքին, «ամենահանգիստ» խիղճով…
Կրակի այս տեսակով խաղացող անվախ «հերոսներ»ն են ասոնք: Սուտ վկայութիւն տուող այս երեք խումբի կերպարները չե՛ն մտածեր, թէ իրենց մատները կրնան այրիլ, սակայն չե՛ն անդրադառնար, որ ո՛չ թէ միայն մատներն ու ձեռքերը, այլ ի վերջոյ իրենց ամբողջ մարմինը՝ իրենց անձը պիտի այրի այդ կրակով: Սուտ վկայութիւնը կրակ է, որ չի՛ գիտեր խնայել ո՛չ իր զոհին, ո՛չ ալ զինք արտասանողին:
Կրակի այս տեսակէն հեռու կեցի՛ր, նոյնիսկ եթէ աշխարհի ամէնէն երկար ունելին տրամադրեն քեզի:
–