ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Հոկտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուոր Դաւիթ Նաւասարդեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.