ՕՍԼՕ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10ին յայտարարուեցաւ, թէ այս տարուան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի երեխաներու իրաւանց համար պայքարած Քայլաշ Սաթիարաթիին (Հնդկաստան) ու Մալալա Եուսաֆզային (Փաքիստան)։
Գրականութեան մրցանակին արժանացած է ֆրանսացի գրող Փաթրիք Մոտիանօ, որուն գործերուն մեծամասնութիւնը հիմնուած է անոր կեանքին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Ֆրանսայի շրջափակման ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ:
Քիմիագիտութեան մարզին մէջ մրցանակի դափնեկիր դարձած են Էրիք Պեթսիկ, Սթեֆըն Հել եւ Ուիլեըմ Մերներ, իսկ բնագիտութեան մարզին մէջ՝ Իսամու Աքասաքի, Հիրոսի Ամանօ եւ Սիուճի Նաքամուրա: Բժշկութեան մարզին մէջ մրցանակի արժանացած են Մայ Պրիթ եւ Էտվարտ Մոզըր ամոլն ու Ճան Օ՛քիֆ:
Պարգեւատրման արարողութիւնը, ըստ աւանդութեան, տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 10ին՝ մրցանակի հիմնադիր շուէտացի գիտնական Ալֆրետ Նոպէլի մահուան օրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.