ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ֆութպոլի Հայաստանի հաւաքականը 14 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ բարեկամական խաղ ունեցաւ Ֆրանսայի դէմ՝ 0:3 արդիւնքով պարտութիւն կրելով:
Սերպիոյ դէմ ԵՈՒՐՕ-2016ի ընտրական խաղէն ետք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ մէկ փոփոխութիւն կատարած էր՝ վիրաւորուած Էդգար Մանուչարեանի փոխարէն խումբին հետ դաշտ ներկայացնելով ռուսական «Զենիթի» 19ամեայ կիսապաշտպան Արտեօմ Սիմոնեանը։
Երկու խումբերն ալ բաւական աշխոյժ սկսան խաղի: Առաջին կիսախաղին ֆրանսացիները ունէին տարածքային ու խաղարկային առաւելութիւն եւ ստեղծեցին քանի մը առիթներ, որոնցմէ մէկը կրցան կոլի վերածել: 7րդ վայրկեանին առաջին կոլը նշանակեց Լոնտոնի «Չելսի»ի յարձակող Լօիք Ռեմին: Մեկնարկային 45 վայրկեաններուն Հայաստանի հաւաքականը եւս աշխոյժ էր առջեւի գիծին վրայ եւ 2 անգամ անհանգստացուց «Մարսէյ»ի բերդապահ Սթիւ Մանտանտան: Երկու պարագային ալ հարուածային դիրքի վրայ էր ղազախական «Ակտոպէ»ի կիսապաշտպան Մարքոս Պիզելին, որուն հարուածներէն մէկը շեղեցաւ, իսկ միւսին պարագային բերդապահը կրցաւ փրկել ֆրանսացիները:
Կիսախաղէն ետք ֆրանսացիներու առաւելութիւնը հսկայական էր: Հայաստանի հաւաքականը ոչինչ կրցաւ ընել առջեւի գիծին վրայ, իսկ հիւրերը կառավարեցին խաղը: 55րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Փօլ Փոկպան, որ ուշադրութիւն գրաւեց անհատական բարձր վարպետութեամբ, եւ որուն պատճառով կարելի եղաւ կոլ մը եւս նշանակել։ Մարզիչները կատարեցին շարք մը փոխարինումներ, իսկ Պեռնար Շալանթ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր պաշտպանութեան վրայ, որ սխալ գործեց 83րդ վայրկեանին։ Անթուան Կրիզման առանձինն դուրս եկաւ Պերեզովսքին փոխարինած Գէորգ Կասպարովի դէմ՝ վերջակէտ դնելով խաղին:
Ընկերական խաղ, Երեւան
Հայաստան-Ֆրանսա՝ 0:3
Լօիք Ռեմի, 7, Անտրէ-Փիեռ Ժինեաք, 55 (11մ.), Անթուան Կրիզման, 83