Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ եւ հրաւէրով, այս ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր ի պատիւ հիւր սրբազան հօր, զօրակցութիւն արտայայտելու համար Սուրիոյ տագնապահար մեր գաղութին եւ յատկապէս մեր վարժարաններուն: Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիգիճեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգ. վարժարաններու տնօրէններ եւ դաստիարակներ, Ազգ. առաջնորդարանի յանձնախումբերու անդամներ, Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինի (SARF), քոյր կազմակերպութեանց եւ Հալէպի վարժարաններու շրջանաւարտից միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 ազգայիններ, որոնց շարքին՝ հալէպահայեր:
Պաշտօնական յայտագիրի բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջած էին հրաւէրին, ապա վեր առաւ Հալէպի մեր գաղութին բարերար դերը՝ Սփիւռքի կազմաւորման եւ ոգեղէն սնունդով պարենաւորման մէջ: Ան յիշեցուց, որ անցեալ մէկ դարուն, յատկապէս Հալէպը եղած է սփիւռքեան տարբեր գաղութներու հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային մշակներ տրամադրող օճախը, իսկ այժմ ժամանակն է, որ մենք զօրակցինք անոր:
Յանուն Ազգային վարչութեան՝ ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը: Ան նշեց, որ ամբողջ հայութիւնը վերջին տարիներուն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ ու Հալէպի վիճակուած ահաւոր իրադարձութեանց, իսկ վերջերս, ցասումով ականջալուր եղաւ Տէր Զօրի Նահատակաց յուշակոթողի ականահարման: «Ձեր կորուստը նաեւ մեր կորուստն ու ցաւն է, սրբազա՛ն հայր», ընդգծեց Վահէ Յովակիմեան, հաստատելով, որ Արեւմտեան թեմը վերջին տարիներուն, առաջնորդին գլխաւորութեամբ, ճիգ չէ խնայած աջակցութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ մեր հարազատներուն: «Պիտի շարունակենք կանգնիլ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն կողքին», եզրափակեց ան:
Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, Սուրիոյ հայութեան վիճակուած կացութեան լոյսին տակ իր խօսքը կեդրոնացուց երեք գլխաւոր մտածումներու վրայ՝ քաջութիւն, տոկունութիւն եւ ազգային-համահայկական կարեկցութեան ոգի: Ան նշեց, որ Շահան սրբազանը մէկ մարմնաւորումն է քաջութեան այն արժանիքին, զոր ունի շրջանի հայութիւնը: Ան վերջին տարիներուն մեր ժողովուրդին հետ քաջաբար կը դիմակալէ ամէն դժուարութիւն, կ՛առաջնորդէ հայկական գաղութի դիմադրական պայքարը, շահած է ժողովուրդին համակրանքն ու յարգանքը: Սուրիոյ մեր գաղութը ցուցաբերեց աննկուն կամք ու ոգի, ապրեցաւ ու կ՛ապրի ահաւոր պայմաններու մէջ եւ պէտք է գիտնայ, որ իր կողքին ունի մեզ ու ամբողջ հայութիւնը։ Իսկ հայութեան միասնականութեան մէկ հարազատ արտայայտութիւնը կը տեսնուի մեր գաղութին մէջ, որուն բոլոր զաւակները, անխտի՛ր, Արեւմտեան թեմի առաջնորդին առաջնորդութեամբ՝ զօրավիգ կանգնեցան եւ կը շարունակեն զօրակցիլ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն: «Վստահ ենք, որ մեր գաղութը պիտի շարունակէ յոյս ներշնչել», եզրափակեց ան:
Եփրեմ արք. Թապագեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ներկաները հետեւեցան Հալէպի իրականութիւններն ու դպրոցներու կեանքը պատկերող ժապաւէններու:
Ճաշէն ետք, Հալէպի հայկական վարժարաններու շրջանաւարտից միութեանց անունով խօսք առաւ Զարուկ Տէր Դաւիթեան: Ան յատկապէս ողջունեց Շահան սրբազանի ներկայութիւնը, հաւաստեց, որ հայութիւնը մօտէն կը հետեւի ու քաջածանօթ է Սուրիոյ ծանրակշիռ դէպքերու զարգացումներուն ու ձայնակցեցաւ այն արտայայտութեանց, թէ զօրակցական կեցուածքը պիտի մնայ անփոփոխ:
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին անունով խօսք առաւ Վազգէն Մատէնլեան: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ հայութեան տառապանքներուն բաժնեկիցի զգացումները համակած են բոլորս, սակայն ատիկա բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ է գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել:
«Իբրեւ նախկին տնօրէն՝ ինծի համար ցաւ է տեսնել եւ իմանալ, որ աշակերտներ դժուարութեան մատնուած են, հայկական վարժարան մը կրնայ փակման վտանգին տակ գտնուիլ», շարունակեց Մատէնլեան, եւ հաւաստեց, որ յառաջիկայ օրերուն, Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու աշակերտները հանգանակային արշաւներու պիտի դիմեն՝ գործնապէս զօրակցելու համար Սուրիոյ հայկական վարժարաններու իրենց ընկերներուն: Ան կոչ ուղղեց, որ մեր գաղութի զաւակները մասնակցին հանգանակային այդ աշխատանքին:
Հանդիսավարը հրաւիրեց Արեւ-մտեան թեմի առաջնորդը, ուղղելու համար իր պատգամը: Սրբազանը իր խօսքը հիմնաւորեց երկու գլխաւոր մտածումներու վրայ. ան նշեց, որ այս երեկոն սրտակցութիւն արտայայտելու եւ յուսալից ըլլալու առիթ է: Սակայն սրտակցութեան ու ցաւի զգացումներուն պէտք է ընկերացնենք գործնական զօրակցութիւնը: Ան արագ ակնարկով մը պարզեց Շահան սրբազանի ժամանումէն ետք արձանագրուած քայլերը՝ հաստատելով, որ ան յատուկ եւ նուիրական առաքելութեամբ մը կը գտնուի Արեւմտեան թեմ, Սուրիոյ մեր վարժարաններու աշակերտներուն համար օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով: «Մեր գաղութի զաւակները ուղղակի տեղեկութիւններ պիտի քաղեն իրականութիւններու մասին, նաեւ զօրակցութիւն պիտի արտայայտեն Սուրիոյ մեր հարազատներուն, ինչ որ է այս երեկոյթին գլխաւոր նպատակը», ըսաւ առաջնորդը եւ բարձր գնահատեց Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան, Հալէպի շրջանաւարտից միութիններուն եւ սուրիահայերուն ցարդ ցուցաբերած աջակցութիւնը, շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց երեկոյթի հիւրընկալ ամոլին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանին եւ կնոջ՝ Սօսիին: Վերջապէս, ան կոչ ուղղեց անսալու եւ ընդառաջելու SARF-ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու զօրակցական արշաւներուն, որովհետեւ՝ «Բերիոյ թեմը քոյր թեմ է, ու սրտի պարտք ունինք մեր կարելին ի գործ դնելու եւ աջակցութեան հասնելու իրենց կարիքներուն»: Ապա, ան հրաւիրեց հիւր սրբազան հայրը, արտասանելու իր սրտի խօսքը:
Շահան սրբազան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան եւ զօրակցական արտայայտութեանց համար, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան, նաեւ խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որուն յանձնարարութեամբ ինք ձեռնարկած է իր այժմու առաքելութեան: Ան հաստատեց, որ հայկական Սփիւռքը եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը մեծ նպաստ տրամադրած են Սուրիոյ հայութեան: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ պատկերեց ժողովուրդի դաժան առօրեան, նշեց, որ Ազգ. առաջնորդարանը քանիցս ռումբեր ստացած է ու անձնակազմը ստիպուած է քաղաքին մէջ գաղթական դառնալու. ժողովուրդը ամէն օր կը գտնուի մահուան վտանգին տակ, կ՛արձանագրուին զոհեր ու վիրաւորներ, իսկ տարրական սննդանիւթի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապները սուր են: Հակառակ այս ծանր վիճակին, ժողովուրդին մէջ վառ կը մնայ յոյսը եւ դիմադրական ոգին: Ըստ անոր՝ ամէնէն պերճախօս վկայութիւնը տուաւ Քեսապի հայութիւնը, որ երեք ամիսներու բռնագաղթէ եւ ծանր կորուստներէ ետք՝ տուն վերադարձաւ եւ այժմ ձեռնարկած է վերականգնումի գործին: Ան նշեց, որ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը հրաշալի գործ է, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Հալէպի ու այլ շրջաններու հայութիւնն ալ նոյնը պիտի ընէ, անմիջապէս երբ խաղաղութիւնը վերահաստատուի: Ան յատուկ կարեւորութեամբ վեր առաւ մեր վարժարաններուն դերն ու կարեւորութիւնը, ընդգծեց, որ հայ դպրոցը պէտք է բաց մնայ եւ շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը:
Հիւր սրբազանը նկատել տուաւ, որ հայկական Սփիւռքը ծնունդ առաւ մեր կամքէն անկախ պատճառներով, սակայն անիկա դարձած է բարիք եւ հարստութիւն՝ շնորհիւ իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, կազմակերպութեանց ու միութեանց: Ան իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ սփիւռքեան զօրակցութեան ականատես վկան ըլլալով՝ ի մօտոյ Հալէպ պիտի վերադառնայ այն հաւատքով ու հաւաստիքով, որ Սուրիոյ հայութիւնը առանձին ու անօգնական չէ. «Կեանքի դժուարութիւնները պիտի չընկճեն մեզ. պիտի վերականգնի՛նք դարձեալ», շեշտեց ան՝ արժանանալով յոտնկայս ծափահարութեան:
Երեկոն վերջ գտաւ երկու առաջնորդներու օրհնութեան աղօթքով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.