
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 21 Հոկտեմբերին ընդունած է Գերմանիոյ Հեսսէն երկրամասին մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Սթիվըն Պրայըն Ֆերան եւ նոյն երկրամասի Պերկշտրասը շրջանի ղեկավար Մաթիաս Վիլքեսը, որոնք Արցախ կ՛այցելեն Արցախի պետական համալսարանին մէջ գերմաներէնի մասնագիտական լսարանի բացման առիթով։
Կողմերը քննարկած են Արցախի եւ Գերմանիոյ միջեւ կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հաստատմանն ու խորացման առնչուող շարք մը հարցեր։
Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած են գործնական համաձայնութիւններ։