
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Առայժմ յստակ չէ, թէ արդեօք եռեակը պիտի կարենա՞յ իշխանափոխութեան հասնելու միասնական ճամբու քարտէս մշակել:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ճամբու քարտէսին մէջ պիտի ըլլա՞յ իշխանափոխութեան հարցը՝ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան ըսած է՝ «բնականաբար», պարզապէս այժմ պէտք է յստակացուի, թէ եռեակը ինչպիսի՛ քայլերով պէտք է հասնի իշխանափոխութեան:
Յակոբեանի համաձայն՝ ժողովուրդը այլեւս խօսքերու հանրահաւաքի չի սպասեր, այլ ստոյգ գործողութիւններ կ՛ակնկալէ: Խմբակցութեան ղեկավարը յոյսով է, որ քանի մը օրուան ընթացքին «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, «Ժառանգութիւն»ը եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսը կը յաջողին ձեւաւորել միասնական մէկ օրակարգ՝ միասնական ճամբու քարտէս ներկայացնելու 24 Հոկտեմբերին կայանալիք հանրահաւաքին:
Նախապէս Րաֆֆի Յովհաննէսեան ըսած էր, որ տակաւին յստակ չէ եթէ ինք պիտի մասնակցի 24 Հոկտեմբերի հանրահաւաքին, թէ՝ ոչ, հաշուի առելով այն, որ առայժմ չկայ այդ միասնական օրակարգը:
Ռուբէն Յակոբեան, սակայն, «Ազատութեան» յայտնած է, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան բոլոր պարագաներուն պիտի մասնակցի հանրահաւաքին, անկախ անկէ՝ այդ միասնական օրակարգը առկայ պիտի ըլլայ, թէ՝ ոչ, նաեւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով եւ պիտի ներկայացնէ իրենց նախատեսած քայլերը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ժամկէտներու մէջ եռեակը կը նախատեսէ հասնիլ իշխանափոխութեան, արդեօք խօսքը 2017-2018 թուականներու հերթական ընտրութիւններուն մասի՞ն է, եւ այդ տարիներո՞ւն պիտի փորձեն իշխանափոխութեան հասնիլ՝ Ռուբէն Յակոբեան յայտնած է, որ այդպէս չէ, ժամկէտներու հարցը կը յայտարարուի հանրահաւաքին ընթացքին։
Յայտնենք, որ առայժմ յստակ չէ, թէ ճամբու քարտէսը եռեակի միասնական քարտէ՞սը պիտի ըլլայ, միասնական օրակա՞րգը, թէ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, «Ժառանգութիւն»ը եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսը հանդէս պիտի գան իրենց առանձին մօտեցումներով:
Ռուբէն Յակոբեանի համաձայն՝ փորձեր կը կատարուին, որպէսզի եռեակը կարենայ միասնական օրակարգով հանդէս գալ: