ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Խորհրդարանին մէջ արդէն երկու օր է՝ հրատապ կարգով կը քննարկուի կառավարութեան ներկայացուցած թղթածրարը՝ սահմանամերձ համայնքներուն հարկային արտօնութիւններ շնորհելու վերաբերեալ:
Քննարկուող հարցին վերաբերեալ ելոյթ ունենալով՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ սահմանամերձ գիւղերուն պէտք չէ միայն հարկային արտօնութիւններ տալ, այլ նաեւ ընկերային-տնտեսական աջակցութեան յստակ ծրագիր կիրարկել: «Օգոստոսին, երբ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնների ներկայացուցիչները այցելել էին այդ բնակավայրեր, խնդիրները ձեւակերպել էին եւ գրութեամբ ուղարկել նաեւ կառավարութիւն: Այսօր դրանց վերաբերեալ դեռեւս չկայ պատասխան», յայտնած է Մինասեան՝ յիշեցնելով, որ երբ պատգամաւորները այցելած են սահմանամերձ գիւղեր, այցելութեան ընթացքին առաջարկած են սահմանապահ գիւղերու դպրոցներուն անվճար դասագիրքերով ապահովել, տնտեսական ծախսերուն առնչուած արտօնութիւններ տրամադրել, երեխաներու ծննդեան նպաստը բարձրացնել:
Ըստ պատգամաւորին՝ յստակ առաջարկներ ներկայացուած են նաեւ Բերքաբեր, Այգեպար եւ այլ գիւղերու վերաբերեալ: «Երբ մենք փորձում ենք չտարանջատել եւ ընդհանուր սահմանամերձ գիւղական համայնքներին հարկային արտօնութիւն տալու մասին ենք խօսում, եւ խօսքը ընդամէնը 30 համայնքի մասին է, միւս բնակավայրերի բնակիչների մօտ կարող է տարակարծութիւն առաջանալ: Պէտք է սահմանապահ համայնքներին տրուի ամբողջական արտօնութիւն: Միւս սահմանամերձ բնակավայրերի բնակիչները պէտք է ըմբռնումով մօտենան, թէ ինչու է առաջնահերթութիւնը տրուած հենց կոնկրետ այդ համայնքներին», դիտել տուած է Ա. Մինասեան:
Ան աւելցուցած է, որ 23 Հոկտեմբերին Չինարի գիւղէն նամակ ստացած է, որ ներքին ցանցի վերանորոգման անհրաժեշտութիւն կայ, արդէն կայ նախագիծը, եւ խօսքը մօտ 17-18 միլիոն դրամի մասին է: «Գիտէք, որ Չինարին 3 կողմից ադրբեջանական զինուժի թիրախի տակ է: Այս համայնքում անպայման պէտք է նման ծրագրեր իրականացուեն», աւելցուցած է պատգամաւորը։
Արծուիկ Մինասեան նաեւ նշած է, որ սահմանապահ համայնքներուն մէջ կան հողատարածքներ, որոնց համար թէեւ կառավարութիւնը հարկային արտօնութիւններ նախատեսած է, բայց, մարդիկ այդ հողատարածքները չեն կրնար օգտագործել: «Եւ քանի որ չեն կարողանում օգտագործել, եկամուտ էլ չեն կարողանում ստանալ», նշած է ան:
Պատգամաւորը առաջարկած է. «Հողային այդ տարածքների համար մշակել սխեմայ, թէ ում հողերը չեն օգտագործւում։ Նաեւ օրէնքով յստակ շարադրել, թէ ինչու սահմանապահ համայնքներին պէտք է տրուի ամբողջական աջակցութիւն, իսկ սահմանամերձ բնակավայրերին՝ նոր լուծումներ՝ արդէն յաջորդ փուլում, որպէսզի այս բնակավայրերի բնակիչների շրջանում տարակարծութիւններ չլինեն: Այսինքն՝ յստակ բացատրուի, որ սահմանապահ գիւղերը երեք կողմից ադրբեջանական զինուժի վերահսկողութեան տակ են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.